“Անթիլիաս”._Ուրբաթ, 29 Ապրիլ 2022-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեանբ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի։ Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան յատկապէս Հայաստանն ու Արցախը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքին առնչուած կարգ մը խնդիրներ։