Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Սփիւռքի մէջ հանգրուանած հայը իր առաջնային հարցերէն մէկը համարեց հայապահպանումը: Երբ մարդ հողին վրայ չէ, կը կառչի լեզուին:
Լեզուն է այն հիմնական ազդակը, որ օտար ափերու մէջ մարդը կը կապէ իր արմատներուն: Համազգայինը, իր կոչման հաւատարիմ, կարեւորելով հայ լեզուի մշակին դերը, քսանհինգ տարի առաջ հիմը դրաւ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկին:
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլին, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ յիշատակուեցաւ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկի 25-ամեակը: Բացման խօսք արտասանեց Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Հուրի Էպլիղաթեան-Մաղաքեան:
Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի հիմնադիրներուն նպատակը ուսումնական հաստատութիւն մը հիմնելն էր, հոն թրծելու համար հայեցի կրթութեամբ տոգորուած երիտասարդութիւն» եւ շեշտեց, որ քառորդ դար անցնելէ ետք, տակաւին կը ճառագայթէ համազգայինի հայագիտական Հիմնարկը, իր վարչական մարմիններով, տնօրէնութեամբ ու դասախօսական կազմով, որոնք իրենց առաքելութեամբ կը ցոլացնեն մեր ազգային արժէքները, դառնալով լոյսի փարոսներ:
Հայագիտական հիմնարկի ուսանող Վեհան Պարսումեան ասմունքեց հայ լեզուին նուիրուած բանաստեղծութիւններու համադրում մը: Ապա բեմավար Կիլտա Տէյիրմենճեան Նագգաշեան հրաւիրեց բանախօս, Հայագիտական Հիմնարկի շրջանաւարտ՝ Անի Դաւիթեան Ուրիշիկեանը, որ հանդիսատեսին ներկայացուց Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկի 25-ամեայ պատմութիւնը, հայագիտութեան սկզբնաւորութենէն հասնելով մինչեւ մեր օրերը:
Անդրադառնալով Հալէպի մէջ առաջին հայագիտական ամպիոնին ըսաւ.«1951-ին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի կրթական պատասխանատուները դիտել տուած են, որ ճեմարանը հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան համար հիմնուած հաստատութիւն մըն է, եւ որոշուած է երկրորդական բաժնին մէջ պետական պաքալորիայի ճիւղի կողքին ստեղծել նաեւ հայագիտական ճիւղը»:
Ապա յիշելով Համազգային Հայագիտական Հիմնարկի Հիմնադրութիւնը ըսաւ. «Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը, 11 Յուլիս 1996-ին գումարած իր ԼԳ. նիստին ընթացքին որոշում գոյացուցած է ձեռնարկելու դասընթացքի մը, որ կը հետապնդէր հետեւեալ նպատակները.
ա-Հայագիտական նիւթերու նկատմամբ հակում ունեցող ուսանողներուն առիթ ընծայել յագուրդ տալու իրենց ուսման ծարաւին: Ինչպէս նաեւ յարմար ենթահող պատրաստել ազգային կեանքէն ներս մտաւորականներու կազմաւորման:
բ- Ուսումնական հաստատութիւններուն համար հմուտ, մանաւանդ հայերէնաւանդ դասատուներ պատրաստել եւ կամ զանոնք վերաորակաւորելու առիթ ընծայել:
գ- Գաղութի հայկական միութիւններու համար որակաւոր մարդուժ պատրաստել»: Աւարտելով խօսքը Դաւիթեան վեր առաւ հայագիտական հիմնարկի դերը եւ շեշտեց. «Վստահ ենք, որ հայագիտական Հիմնարկը շնորհիւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ջանքերուն, Հիմնարկի միաւորի վարչութեան եւ դասախօսական կազմին պիտի շարունակէ իր լուսաւոր երթը, ի նպաստ հայ լեզուին, արևմտահայերէնի անաղարտ պահպանման, հայագիտութեան, հայեցի կրթութեան, հայ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ լիայոյս ենք, որ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը պիտի շարունակէ պահել Միջին Արեւելքի մէջ ուշադրութեան արժանի իր ուրոյն տեղը»:
Այնուհետեւ Հիմնարկի ուսանող Նանոր Պոտիկեան «Մեսրոպաշունչ Հայոց Տառեր» երգը մեկնաբանեց, որմէ ետք երկրէս դուրս գտնուող հայագիտական հիմնարկի երբեմնի դասախօսներ եւ վարչական պատասխանատուներ՝ Քնարիկ Գասպարեան, Լենա Նազարեան, Մարուշ Երամեան, Անի Ֆիշէնկճեան, բժ. Ներսէս Սարգիսեան, Միհրան Մինասեան, Ֆիմի Տէր Յակոբեան, տեսագրութիւններով եւ նամակներով շնորհաւորեցին Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկի արծաթեայ յոբելեանը:
Նամակները ընթերցեցին հիմնարկի ուսանողներ՝ Անի Մինասեանը, Աննա Մաթոսեանը, Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեանը եւ Մարիա Մոմճեան-Աղպապեանը: Ապա բեմավարը բեմ հրաւիրեց Համազգայինի շրջանային վարչութեան ատենապետն ու թեմիս բարեջան առաջնորդը պարգեւատրելու հիմնարկէն ներս 25-ամեայ վաստակ ունեցող դասախօս Լալա Միսկարեան Մինասեանը:
Լալա Միսկարեան Մինասեան խօսք առնելով ըսաւ. «Հիմնարկի գործունէութեան 25 տարիները անցան քաղուած բերքի գոհունակութեամբ, բայց նաեւ ծայրայեղ ծանր ու վտանգալից պայմաններու տակ՝ չջերմացող, չլուսաւորուող սենեակներու մէջ, պայթող հրթիռներու սարսափին տակ, յուսահատութեան, բայց աւելի յաճախ տոկալու եւ գործը անխափան շարունակելու վճռականութեամբ»:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականի տուչութիւն հիմնարկի այս տարուան միակ շրջանաւարտին՝ Անի Դաւիթեան Ուրիշիկեանին: Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբազան Եպս. Զօպուեան, որ ըսաւ. «Հայկական մեր իրականութեան մէջ այս հիմնարկը եղաւ ինքնապահպանութեան հիմնարկ մը։
Հայը իր ողջ պատմութեան ընթացքին ինքզինք պաշտպանեց բռունցքով ու մտքով։ Այս հիմնարկը ջամբեց հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն։ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը շէնք մը չէ միայն, այլ արժէք է։ Մեր զաւակները այս կառոյցին մէջ կը ստանան օտար միջավայրերու մէջ հայ մնալու զէնքերը։
Մեր կրթական բոլոր կառոյցներն ու անոնց մէջ ծառայող բոլոր մշակները, մտաւորականները, զոհուող հերոսները կը պաշտպանեն մեր ազգային արժէքները։ Հոս հայը կը հաղորդուի մեր արժէքներուն, մեր պատմութեան, հետեւաբար հայու մկրտարանն է այս հիմնարկը, մեր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանութեան կեդրոնն է ան»:
Ապա սրբազան հայրը շնորհաւորեց հիմնարկի դասախօս տիկին Լալա Միսկարեանը եւ մնացեալ դասախօսները՝ իրենց ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց շրջանաւարտ Անի Դաւիթեան-Ուրիշիկեանը, որուն աշխատանքը արգասիքն էր դասախօսներուն մեծ ճիգին ու մասնագիտական ներդրումին։ Հուսկ սրբազան հայրը կոչ ուղղեց աշխարհատարած սուրիահայութեան զօրավիգ կանգնելու ինչպէս հայագիտական այս հիմնարկին, այնպէս ալ հայ դպրոցին ու մամուլին, որովհետեւ անոնք են երաշխիքները հայապահպանումին։
Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով և 25-ամեակի կարկանդակի հատումով։
Վեհան Պարսումեան