1 Մայիսին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ սկիզբ առաւ ապազգային իշխանութիւններու հեռացման, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները հայկական պահելու պահանջով «Դիմադրութեան» շարժումի համազգային հանրահաւաքը։

Հանրահաւաքին միացած էին Հայաստանի խորհրդանշական 4 կողմերէն՝ Իջեւանէն, Տիգրանաշէնէն, Սարդարապատէն ու Ապարանէն եկող քայլերթներու անդամներ, ՀՀ բոլոր մարզերէն բազմահազար քաղաքացիներ, խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական քաղաքական ուժեր, տարբեր նախաձեռնութիւններ, կազմակերպութիւններ։ Հանրահաւաքին ներկայ էր նաեւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան։

Ֆրանսայի հրապարակին վրայ սկսած համազգային հանրահաւաքին բոլորը 1 վայրկեան լռութեամբ յարգեցին 44-օրեայ Արցախեան պատերազմին զոհուածներուն յիշատակը։ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան հանրահաւաքի մասնակիցներուն դիմեց յայտնելով, որ 1 Մայիսը մեզի համար պատմական օր է, մեր ժողովուրդի զարթօնքի օրն է, 1 Մայիսը արդէն մեր միասնականութեան, համախմբուածութեան, մեր մէջքը ուղղելու եւ վերջնական յաղթանակի երթալու սկիզբն է․ «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, գլխաւոր եւ ամենակարեւոր հարցը, որուն համար հաւաքուած ենք եւ յառաջիկայ օրերուն գործ ունինք ասիկա է․ անցնող օրերուն եւ այսօր վերջնականօրէն լուծեցինք այն հարցը, որ օրուան իշխանութիւնը հովանաւոր չունի երկիրը զիջումներու տանելու, հիմա պէտք է լուծենք յաջորդ կարեւոր հարցը՝ պէտք է ցոյց տանք, որ ասոնք ոչ միայն հովանաւոր չունին, այլ նաեւ իշխանութիւն։

Շատ կարճ ժամանակուան մէջ մենք պէտք է յանձնուողին ենթարկենք յանձնողականութեան․ սա է մեր առջեւ դրուած հարցը», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան։ Իշխան Սաղաթէլեանի ելոյթէն վերջ հրապարակի մէջ հանրահաւաքի մասնակիցները միասնական երգեցին «Զարթնիր, Լաօ»-ն։

Հանրահաւաքին ելոյթներով հանդէս եկան ԱԺ պատգամաւորներ Սսպրամ Կրպեյեան, Արթուր Խաչատրեան, Գեղամ Մանուկեան, Հայկ Մամիճանեան, Արամ Վարդեւանեան, Արթուր Վանեցեան։ Հրապարակին մէջ հաւաքուած հազարաւոր քաղաքացիներ կը վանկարկէին «Հայաստան ոտքի, Արցախ ոտքի, հայ ազգ ոտքի»։

Հանրաւաքի ավարտին Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց․ «Այս պահէն սկսեալ Ֆրանսայի հրապարակը ժողովուրդինն է, այս պահէն սկսեալ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը ժողովուրդն է։ Այսօր մենք պիտի կատարենք այս հրապարակին վրայ, քիչ վերջ պիտի տեղադրենք վրաններ, եւ համապատասխան միջոցներ, որպէսզի գիշերը կարենանք հոս անցնել»։

«Վաղը (2 Մայիս 2022) առաւօտեան դասադուլ եւ անհնազանդութեան ցոյցեր պիտի կատարենք, իւրաքանչիւրդ փակեցէք ձեր բակի, գիւղի փողոցը, ցոյց տուէք, որ ասոնք իշխանութիւն չունին», ըսաւ ան:

Հանրահաւաքը այսօր (2 Մայիս 2022_ին) առաւօտեան՝ 8:15 պիտի շարունակուի։

Հանրահաւաքի մասնակիցներուն Սաղաթէլեան կրկին հրաւիրեց Ֆրանսայի հրապարակ: Հանրահաւաքի մասնակիցները սկսան նստարաններով եւ աղբամաներով փակել Ֆրանսայի հրապարակին կից փողոցները: Նշենք, որ բազմաթիւ ոստիկաններ բերուած էին Ֆրանսայի հրապարակ։

Քաղաքացիները բռունցքները վեր պահած կը վանկարկէին՝ «Նիկոլ, դաւաճան», «Ամօթ»։ Սաղաթէլեան նշեց, որ Սփիւռքի բազմաթիւ գաղթօճախներ միացած են «Դիմադրութիւն» շարժումին․ «Յառաջիկայ օրերուն աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ տեղի պիտի ունենան երթեր, ցոյցեր ի զօրակցում մեզի, ի հեռացում այս սրիկաներուն։

Հայ ժողովուրդը միասնական է՝ Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք եռամիասնութեամբ», ըսաւ ան։