Երկուշաբթի, 2 Մայիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ «Ֆըթըր»ի Տօնի աղօթքին ներկայ գտնուեցաւ Դամասկոսի «Միտան» թաղամասի «Հասան» մզկիթի աղօթքին։ Նախագահ Ասատին կողքին, աղօթքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարարը, Խորհրդարանի անդամներ, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, իսլամ կրօնականներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն։ Յետ արարողութեան, հաւատացեալները համախմբուեցան նախագահ Ասատին շուրջ, փոխանցելով իրենց շնորհաւորութիւնները նախագահ Ասատին եւ ընտանիքին։