1 Մայիսին ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն միջեւ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են ՀՕՄ-ի յառաջիկայ ծրագիրները՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ բարեսիրական միութեան ներկազմակերպական ընելիքները:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Նաիրի Տէրտէրեան ու վարչութեան միւս ընկերուհիները կարեւոր համարած են յատկապէս Արցախի մէջ նախատեսուած ընկերային ներդրումային ծրագիրները ու Արցախի քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներու մասնակից եւ վիրաւոր մօտաւորապէս 250 արցախցի եւ հայաստանցի ուսանողներուն ընկերային աջակցութիւն տրամադրելու նախաձեռնութիւնները:

Ներկազմակերպական հարցերուն համար Միութիւնը նպատակ դրած է տարածքային կառոյցներու կարողութիւններու շարունակական մեծացումի եւ գործիչներու միջոցով աւելի աշխուժացնել աշխատանքներն ու ընդլայնել ծրագիրները:

Այս հարցերը քննարկելու նպատակով յառաջիկային նախատեսուած է գումարել ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւններու անդամներու ժողով: