“Արմէնփրէս”._ Հայաստան ժամանած՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 3 Մայիսին Ազգային ժողովի Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբի ղեկավար Վլատիմիր Վարդանեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

ֆրանսացի պատգամաւորները ծաղիկներ զետեղած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ, մէկ վայրկեան լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած են Սուրբ նահատակներու յիշատակը:

Հիւրերը այցելած են նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած են Եղեռնը հաւաստող վաւերագիրներուն եւ փաստաթուղթերուն: Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազ գրառում կատարած է յուշամատեանին մէջ։