Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 1 Մայիս 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբը իր տարեկան համերգը ներկայացուց, ունկնդիրները տեղափոխելով երկիրէ երկիր։
 
Երգչախումբի խմբավարն էր մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան, դաշնամուրով երգչախումբին կ՚ընկերակցէր Շողեր Օհանեան-Քահքէճեան։
 
Ելոյթին բացումը կատարուեցաւ Սուրիական հանրապետութեան եւ ՀՀ զոյգ քայլերգներով։
 
Գեղեցիկ բեմայարդարումը, երգողներուն ճաշակաւոր տարազներն ու երգչախումբի հարուստ երգացանկը մանուկներու գունեղ աշխարհին հարազատ պատկերը կ՚արտացոլացնէին։
Հայերէն բացման խօսքով Սեւանայ Հալլաճեան անդրադարձաւ հայ երաժշտութեան, զայն համարելով արտայայտիչը մեր երազներուն, արտացոլացումը մեր պատմութեան եւ հայ ազգը բնորոշող արուեստի պայծառ երանգը։ Ան կարեւոր համարեց համազգայինի դերը հայ մշակոյթի պահպանման մէջ։ Երախտագիտութիւն յայտնելով թեմիս առաջնորդին մշտական քաջալերանքին, տարիներու վաստակաշատ խմբավար Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ երգչախումբի մասնակցող փոքրիկներուն ծնողներուն, ան լուսարձակի տակ առաւ երգչախումբի այս տարուան համերգին խորագիրը, դիտել տալով որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս տարին հռչակեց Սփիւռքի տարի, ուստի երգչախումբին ելոյթը նուրիուած էր համայն աշխարհի մէջ տարածուած հայ տարբեր գաղութներուն։
Արաբերէն բացման խօսքով Սիլվա ճապաղջուրեան ըսաւ որ ինչքան ուրախալի է միջավայրը, երբ գարունն ու երաժշտութիւնը միատեղ կը ծաղկին։ Ան յայտնեց, որ երգչախումբը կարճ ճամբորդութեամբ մը մեզ պիտի փոխադրէ աշխարհի զանազան երկիրներ, ուր հայկականին կողքին պիտի ծանօթանանք տարբեր մշակոյթներու։ Ապա շնորհակալութիւն յատնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան երգչախումբին։ Շնորհակալութեան երկրորդ խօսքը ուղղուած էր երկրիս նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին՝ մշակոյթն ու արուեստը մշտապէս քաջալերելուն համար։
 
Համերգին բեմավարները երգչախումբի անդամներ էին։ Իւրաքանչիւրը հրամցուած երգի մը մեկնաբանութիւնը ներկայացուց։
 
Յայտագիրը բաժնուած էր երկու մասի։ Մեր ճամբորդութիւնը սկսաւ Սուրիայէն՝ «Անա Սուրի» արաբերէն երգով, յետոյ անցանք Ֆրանսա, Ամերիկա, ապա Սպանիա, Իտալիա, Լիբանան եւ վերջապէս Ռուսիա։ Մատուցուեցաւ իւրաքանչիւր երկրէ հանրածանօթ երգ մը։
 
Երկրորդ մասով մեր օդանաւը վայրէջք կատարեց Հայաստան ու մնաց հոն, ունկնդիրներուն հրամցնելով հայրենասիրական ու ազգային երգեր, վերյիշեցնելով մեր ազատագրական պայքարը, Շուշիի մէջ նահատակուած ընկերներն ու մեր գեղեցիկ ու քաղցրիկ Հայաստանը։
 
Աւարտին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան պատգամով իր ուրախութիւնը յայտնեց երգչախումբին մաս կազմող պատանիներուն փայլուն, յոյս ու լաւատեսութիւն ներշնչող ելոյթին համար։
Ան փափաք յայտնեց, որ այս փոքրիկները օր մը անպայման այցելեն Արցախ, Հայաստան ու առնչուին մայրենի հողին։
 
Տէր Մասիս դիտել տուաւ, որ Հալէպ յաղթահարելով իր դժուարութիւնները կ՚ապրի ու կը ծաղկի։
 
«Պատի՛ւ հալէպահայութեան, պատի՛ւ Բերիոյ Հայոց Թեմին եւ Ուսումնական Խորհուրդին, որոնք 49 տարի այս երգչախումբը քրտինքով պահեցին, ծրագրաւորումով պահեցին, որպէսզի մեր զաւակները հայ երգը սորվին ու երգեն ոչ միայն բեմերու վրայ, այլեւ ուր որ երթան, որպէսզի պահեն մեր ազգային արժէքները։ Հալէպահայ մեր հերոսներն ալ Արցախ զոհուեցան պահելու մեր ազգութիւնը, մեր հայրենիքը։ Անոնց հայրենասիրական ոգին այս բեմէն կը ծլէր, հոսկէ կ՚արմատանար։ Այս գաղութին, այս բեմին վրայ հայը կը պայծառանայ, վաւերական հայ կը դառնայ։ Պատի՛ւ սուրիահայութեան, որ հակառակ ամէն դժուարութիւններուն եւ զրկանքներուն, իր կեանքը կը կազմակերպէ ու կը վերաորակաւորէ:
Սիրելի՛ փոքրիկներ,
Այսօր մեզ ներշնչեցիք եւ յոյսը ծաղկեցուցիք մեր մէջ ձեր երգերով։ Կը խոստանանք այս գաղութը ամուր պահել, որպէսզի դուք ծաղկիք եւ ձեզի յաջորդող սերունդներն ալ այս բեմին վրայ կանգնին ու հայ երգը ծաղկեցնեն»։
Ապա անդրադարձաւ խմբավարուհի Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի հալէպահայութեան մշակութային կեանքի ծաղկեցման նուիրած 30 տարիներու աշխատանքին, դիտել տալով, որ ան ինքզինք նուիրեց այս գաղութին ու հանդէս եկաւ ոչ թէ որպէս սովորական խմբավար, այլ որպէս վարպետ։
 
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
 
Աւելցնենք, որ երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ նաեւ հալէպահայ վարժարաններու աշակերտութեան համար, Ուրբաթ, 29 Ապրիլ 2022-ին։
Արփի Գէորգեան