Սուրիոյ մէջ 6 Մայիսը ազգային ամենակարեւոր տօներէն մէկն է։ Իւրաքանչիւր տարուան 6 Մայիսին, սուրիացիները կ՚ոգեկոչեն յիշատակը 1916-ին մարդասպան Ճեմալ փաշային կողմէ կախաղան բարձրացուած սուրիացի նահատակներուն, որոնք քաջաբար պատերազմեցան օսմանացիին դէմ եւ Սուրիոյ ազատութիւնը կերտեցին։

Անոնց յաջորդեցին «Մայսալուն»ի պատերազմին մէջ Ֆրանսացիին դէմ պատերազմող սուրիացի նահատակները, ետքը, «Թշրին»ի պատերազմին ընթացքին սուրիական բանակի նահատակները, ետքը Լիբանանի պաշտպանութեան համար սուրիական բանակի նահատակները, հասնելով Սուրիոյ դէմ մղուած աւելի քան տասնեամեայ պատերազմի նահատակները։

Կարեւոր է յիշել նաեւ 1948-ին, Պաղեստինի պաշտպանութեան համար սուրիական բանակի նահատակները, որոնք Պաղեստինի ազգային շարժումի անդամներուն կողքին քաջաբար պատերազմեցան սիոնիստական բռնատիրութեան դէմ։ 6 Մայիսին, սուրիացիները հպարտութեամբ կը յիշեն նաեւ Սուրիոյ սիրոյն զոհուած բանուոր, հողագործ, ուսուցիչ, լրագրող եւ աշակերտ նահատակները։

Այսօր, Սուրիոյ դէմ մղուած աւելի քան տասնամեայ պատերազմէն ետք, սուրիացիները կը մնան կառչած իրենց ղեկավարին՝ վսեմաշուք նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին եւ սուրիական բանակի հերոսներուն, որպէսզի իրականանայ Սուրիոյ ամբողջական ազատագրումը, ահաբեկչութեան վանումը եւ կերտուի Սուրիոյ փայլուն ապագան։

Այս առիթով, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ըսաւ. «Երախտագիտութիւն կը յայտնենք անոնց, որոնք Սուրիոյ պաշտպանը դարձան իրենց արիւնով, անոնց, որոնք Սուրիան ազատագրեցին իրենց հոգիով, անոնց, որոնք իրենց մարմիններէն անդամ մը տուժեցին, որպէսզի անոր փոխարէն հազարաւոր մարմիններ աճին։

Երախտագիտութիւն կը յայտնենք անոնց, որոնք մեր սերունդներուն մէջ ապրելու կամքը, հայրենիքի սէրն ու զոհողութեան ոգին սերմանեցին»։