Պերկենի (Նորվեկիա)  համալսարանի գիտնականները պարզած են, որ լոբազգիներու, ընկուզեղէնի եւ ամբողջական ձաւարեղէնի օգտագործումը, ինչպէս նաեւ կարմիր միսէն եւ վերամշակուած մթերքներէն հրաժարումը կրնան զգալիօրէն երկարացնել կեանքը: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է PLOS Medicine ամսագիրին մէջ:
Կը նշուի, որ սննդակարգի հետ կապուած վտանգի գործօնները ամէն տարի միլիոնաւոր անձերու մահուան պատճառ կը դառնան: Ժամանակակից, արեւմտեան սննդականոնը, որ կը ներառէ վերամշակուած մթերքներ, բարձր ճարպեր եւ պարզ ածխաջուրեր, կը յառաջացնէ բազմաթիւ հիւանդութիւններ եւ կը վտանգէ առողջութիւնը:
Նոր ուսումնասիրութեան մէջ հետազօտողները օգտագործած են հիւանդութիւններու համաշխարհային ուսումնասիրութեան տուեալները՝ ստեղծելու համար ձեւ մը, որ կը գնահատէ կեանքի տեւողութեան եւ սննդակարգի շարք մը փոփոխութիւններուն միջեւ կապը:
Պարզուած է որ 20 տարեկանէն սկսեալ առողջապահական եւ հաւասարակշռուած սննդակարգի անցնիլը կեանքի տեւողութիւնը կ’երկարէ 10-13 տարիով, 60 տարեկանէն՝ 8-9 տարիով, իսկ 80 տարեկանէն յետոյ՝ երեք տարիով: