ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Հերթական երրորդ անգամ ըլլալով, Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեան հռչակուեցաւ Լաթաքիոյ Թշրինը: Պատմութեան մէջ այս 5-րդ անգամն է, որ Թշրինը կը հանդիսանայ ախոյեան:
– Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան աւարտին, Հալէպէն Իթթիհատն ու Ճալաաը, Դամասկոսէն Ուահտէն եւ Հոմսէն Քարամէն հասան աւարտական քառեակ: Յայտնենք, որ սոյն փուլին իւրաքանչիւր խաղացող իրաւունք ունի կազմին միացնելու արհեստավարժ մէկ արաբ եւ մէկ օտար խաղացող:
– Սուրիոյ պասքեթի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին, Հալէպէն Հուրիէ եւ Դամասկոսէն Աշրաֆիէ խումբերը բարձրացան Ա. դասակարգ: Աւարտական փուլին ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը արձանագրեց մէկ պարտութիւն եւ երկու յաղթանակ, սակայն կէտերու տարբերութիւնը առաջնահերթութիւնը տուաւ Հուրիէին: Յիշենք, որ Հուրիէի մարզիչն է Մանօ Մարգարեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ԻՐ 35-ՐԴ ՏԻՏՂՈՍԸ 
Նախքան մրցաշարքի աւարտը, Սպանիոյ 2021-2022 տարեշրջանի ախոյեան հանդիսացաւ մայրաքաղաքի արքայական խումբ՝ Ռէալ Մատրիտը: Մրցաշարքի 34-րդ փուլի մրցումներու ծիրէն ներս, Ռէալ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սպանիոլը: Հանդիպումի 33-րդ եւ 43-րդ վայրկեաններուն, պրազիլցի Ռոտրիկօն նշանակեց կազմին առաջին երկու կոլերը: Երկրորդ կիսախաղին իտալացի մասնագէտ Գարլօ Անչելոթին դաշտ ուղղեց մրցաշարքի կոլ-սքորիստ ֆրանսացի Քարիմ Պենզեման եւ Մարքօ Ասենսիոն, որոնք 55-րդ եւ 85-րդ վայրկեաններուն կրկին ցնցեցին մրցակիցին դարպասը: Այսպիսով Ռէալ ապահովեց  81 կէտ, 17 կէտերու տարբերութեամբ՝ իր ետին պահելով Պարսելոնան, Սեվիլիան եւ Աթլեթիքօ Մատրիտը:
ԱՆՉԵԼՈԹԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԻԱԿ ՄԱՐԶԻՉՆ Է, ՈՐ ԱՊԱՀՈՎԱԾ Է 5 ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՏԻՏՂՈՍ
 Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտին հետ ախոյեան հանդիսանալով, իտալացի Մարզիչ Գարլօ Անչելոթին եղաւ առաջին մարզիչը, որ յաջողեցաւ տիրանալ հինգ լաւագոյն մրցաշարքերու ախոյեանութեան: 62 տարեկան մասնագէտը յաջողեցաւ ձեռք ձգել Ռէալ Մատրիտի 35-րդ տիտղոսը: Անոր առաջին տիտղոսը եղաւ Իտալիոյ Միլանին հետ 2004-ին, ինչպէս նաեւ 2010-ին Անգլիոյ Չելսիին հետ նուաճեց տիտղոսը, իսկ 2013-ին Փարիզ Սան Ժերմանին հետ դարձաւ Ֆրանսայի ախոյեան:
Գերմանիոյ Պայերն Միւնեխին հետ ալ ան կրցաւ ձեռք բերել տիտղոս մը: Աւելցնենք, որ Անչելոթին աշխարհի լաւագոյն մարզիչի կոչումը ստանալու թեկնածու է:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան