Սուրիա այցելութեան շրջագիծին մէջ, ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, ինչպէս նաեւ ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեան եւ ՀՀ Հալէպի Հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան, Շաբաթ, 7 Մայիս 2022-ի առաւօտեան այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան։
 
Սփիւռքի գործերու յանձնակատարն ու պատուիրակութիւնը ընդունուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Ազգային Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի եւ ներկայացուցիչներու կողմէն։
Հանդիպման ընթացքին, Սրբազան Հայրը ներկայացուց Բերիոյ Հայոց Թեմն ու շրջանները, անոնց պատմութիւնն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ պատերազմի տարիներուն թեմին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու վերականգնումի աշխատանքները, ապա իր եւ համայնքի զաւակներուն մտահոգութիւնը յայտնեց Արցախի հարցին, Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ներքին իրադարձութիւններուն գծով։
 
Մեթր Սունպուլ Սունպուլեան շեշտեց Սփիւռքի կառոյցներուն հետ գործակցութեան կարեւորութիւնը։
 
Այնուհետեւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը ներկայացուց գրասենեակի գործունէութիւնը եւ իրականացուող կարգ մը ծրագրերը, իսկ ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեան յայտնեց, որ պատերազմի տարիներուն Հայաստան զօրավիգ էր եւ պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ սուրիահայութեան, ապա անդրադարձաւ սուրիահայութեան ազգային-մշակութային աշխոյժ կեանքին։
 
Աւարտին, անոնք այցելեցին Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ուր ծանօթացան աւելի քան 600 տարուան կեանք ունեցող եկեղեցւոյ պատմութեան եւ յետ-պատերազմեան շրջանի նորոգութեան աշխատանքներուն։