Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան Պարարուեստի Յանձնախումբին, Շաբաթ 7 եւ Կիրակի 8 Մայիս 2022-ին «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբերը բեմ բարձրացան իրենց տարեկան ելոյթը հրամցնելու հալէպահայութեան, գեղ. ղեկավարութեամբ Վրէժ Թէրզեանի։
 
Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»ի Մայիս Բ. համարով։