Երկուշաբթի, 9 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Միջազգային Կարմիր Խաչ կազմակերպութեան յանձնախումբի նախագահ Փիթր Մաուրըրի հետ խորհրդակցեցաւ Սուրիոյ մէջ յանձնախումբին գործընթացին եւ սուրիական կառավարութեան հետ գործակցութեան ու տրամադրած մարդասիրական օժանդակութիւններուն շուրջ։

Նախագահ Ասատ դիտել տուաւ, որ առաջնահերթութիւնը պէտք է նկատուին սուրիացիներուն իրավիճակի բարելաւումը եւ անոնց ապրուստի աւելի լաւ պայմաններու տրամադրումը։

Մաուրըր յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը ամէն դիւրութիւն կ՚ընծայէ յանձնախումբին գործընթացը հեզասահ դարձնելու համար։