10 Մայիսին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպում տեղի ունեցած է Արցախի Արդարութիւն, ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ծաւալած համահայկական «Դիմադրութեան» շարժման ընթացքը, տեղեկութիւններ փոխանակուած են շարժման գործընթացներուն մասին:

Միտքեր փոխանակուած են Արցախի մէջ նկատուող «Դիմադրութիւն» շարժման զարգացումներուն եւ անոնց կազմակերպուած ընթացք տալու մասին: