«Մերքոփրէս» կը հաղորդէ, որ Ուրուկուէյի Ծերակոյտը միաձայնութեամբ պաշտպանած է Անգարայի մէջ դեսպանի նշանակումը յետաձգելու առաջարկը` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի` «Գորշ գայլերու» խորհրդանշանով ձեռքի շարժումին պատճառով:
Առաջարկը կատարուած է հայ ծերակուտական Լիլիամ Քչիչեանի կողմէ: Անոր խնդրանքով խորհրդարանի վերին պալատը համաձայնած է գործը ետ ուղարկել արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբ:
Յիշեցնենք, որ հայ ցուցարարներու վանկարկումներուն ի պատասխան, Չաւուշօղլուն «Գորշ գայլեր» ազգայնամոլներու յայտնի ձեռքի շարժումը կատարած էր, որմէ ետք Թուրքիոյ դեսպանը Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած էր: