30 տարի առաջ Շուշիի ազատագրումը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց, արցախեան գոյամարտը պսակելով բերդաքաղաքի ազատագրումով ու Արցախի, յատկապէս Ստեփանակերտի  ապահովութիւնը ամրագրելով:
Շուշին եզակի է ոչ թէ միայն իր դիրքով, այլեւ հայկականութեամբ: Մինչեւ 1923 ան եղած է Արցախի քաղաքական-մշակութային կեդրոնը՝ իր գրադարաններով, թատերական եւ գրական կեանքով, դպրոցներով, տպարաններով, լրատուամիջոցներով: 1874-էն մինչեւ 1920 Շուշիի մէջ լոյս տեսած են աւելի քան երկու տասնեակ հայկական լրատուամիջոցներ:
Այս բոլորին կողքին Շուշիի հայկական դիմագիծը կ’ընդգծեն  Ղազանչեցոց եկեղեցին, յուշարձաններն ու խաչքարերը, արհեստներն ու արուեստները, որոնք ազգի մը պատմութեան, կեանքին ու ստեղծարար ոգիին մասին կը խօսին:
Շուշին մշտապէս եղած է կռուախնձոր իր աշխարհագրական դիրքին բերումով, յատկապէս Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող օղակ հանդիսանալու կարելիութեան, միեւնոյն ատեն իր բարձր դիրքին համար անառիկ բերդ համարուելով:
Շուշիի կորուստը մեզ մտածել կու տայ դրացի յարձակողապաշտ երկիրներուն դէմ պաշտպանողական մեր համակարգի զօրացման, համահայկական գործօնին աշխուժացման ու հայկական դիւանագիտութեան ու բանակցային  հնարամտութեան զարգացման մասին: Այս պարտութիւնը մեզ ինքնաբերաբար պէտք է մղէ Շուշիի ու ողջ Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան ինքնորոշման ոտնահարուած իրաւունքի վերականգնումին լծակները ձեռք ձգելու ու հայկական բերդաքաղաքը ազատագրելու յարձակողապաշտ երկիրներու մագիլներէն, որպէսզի անոր չյաջորդեն այլ կորուստներ:
Դարերու ընթացքին Շուշին խլուած ու կրկին ազատագրուած է, այս անգամ, սակայն, կորուստը աւելի մեծ էր, որովհետեւ անոր շուրջբոլորը հանրապետութիւն մը կայացած էր ու կը գործէր 30 տարի շարունակ: Արցախի Հանրապետութիւնն էր, որ միջազգային օրէնքին մէջ տեղ գտած ազգերու ինքնորոշման իրաւունքով կերտուած ու ծաղկիլ սկսած էր:
Ցաւօք  30 տարիները բաւարար չեն եղած Շուշին ու ողջ Արցախը այնքան ամրացնելու, որ կրկին դրացիներու ախորժակներուն զոհը չդառնային անոնք: Պարտութիւնը կը խօսի նաեւ արձանագրուած սխալներու մասին, որոնց սրբագրման յանդուգն մօտեցումը պիտի ըլլայ Շուշիի փրկութեան մեկնարկը:
44-օրեայ պատերազմին կորուստը կտրելու չէ Արցախին տիրութիւն ընելու յանձնառութիւնն ու թափը, այլ վերածուելու է ուժի, անաղմուկ զարգանալու եւ դիւանագիտական առիթները օգտագործելով կրկին ոտքի կանգնելու:
Պարտութիւնը նոր սկիզբի մը կրնայ առաջնորդել մեր ազգն ու հայրենիքը, եթէ ունենանք համբերութիւն, թերութիւնները սրբագրելու յանդգնութիւն ու տարբեր ոլորտներու մէջ մասնագիտացած մարդուժ, որ վեր է քաղաքական նեղ շահերէ ու կը հետապնդէ համազգային մեր կարելիութիւններու մէկտեղումն ու նպատակաուղղուած օգտագործումը:
Արցախի հարցը արդար լուծման առաջնորդելու քաղաքական կամքը պէտք չէ խամրի: