Շաբաթ, 8 Մայիսի յետմիջօրէին, ՀՀ Հալէպի հիւպատոսարանէն ներս Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հետ հանդիպման հրաւիրուած էին Հայ համայնքապետները, հալէպահայ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Քեսապի քաղաքապետ Վազգէն Չափարեանն ու Հայաստան-Սուրիա խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնաժողովի նախագահ Լիւսի Իսկէնեանը։
 
Հանդիպումին, որպէս մերժումի եւ բողոքի արտայայտութիւն, չներկայացան բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական շարք մը միութիւններու, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
 
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան զեկուցեց գրասենեակի կարգ մը աշխատանքներուն մասին։
 
Այնուհետեւ ներկաներէն ոմանք հարցումներ ուղղեցին յանձնակատարին՝ Սփիւռքի գործերու գրասենեակի աշխատանքային եղանակին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հեռանկարին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, արցախեան հարցին առնչուող Հայաստանի պաշտօնական մօտեցումներուն մասին։
 
Հայ Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչ Յարութ Էօրտէքեան լուսաբանութիւն խնդրեց Հայաստանի պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին եւ հետագային այլ առիթներով Սինանեանի Սփիւռքի աւանդական կառոյցներուն դերակատարութեան անտեսման, անոնց վերակազմակերպման պիտակին տակ կազմաքանդման միտող արտայայտութիւններուն մասին։
 
Երեսփոխան Լիւսի Իսկէնեան լուսաբանութիւն խնդրեց հայ ժողովուրդի թեր ու դէմ կարծիքներուն լոյսին տակ իշխանութիւններուն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու վերսկսման հեռանկարներուն շուրջ։
 
Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի անդամ Մարիա Գաբրիէլեան լուսաբանութիւն խնդրեց Սփիւռքի Նախարարութեան լուծարման, ինչպէս նաեւ Արցախի հարցին, անոր հայկականութեան հաստատման գծով Սինանեանի մօտեցումներուն մասին, իսկ բացակայ միութիւններուն կողմէ Սեւան Շահպազեան բողոքի նամակ մը յանձնեց ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեանին՝ ՀՀ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին Սփիւռքի հետ յարաբերութեան եղանակին գծով։
 
Զարեհ Սինանեան պատասխանեց ուղղուած հարցումներուն եւ պարզեց գրասենեակի կազմութենէն ի վեր տարուած աշխատանքներուն բնոյթը եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց գործակցելու Սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ:
 
Թղթակից