“Երկիր Մետիա”._Նիկոլ Փաշինեան 16 Մայիսին պիտի մասնակցի Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿ յոբելինական գագաթնաժողովին։ Այդ մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«16 Մայիսին ՀԱՊԿ 30-ամեակին առիթով Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ անդամ պետութիւններուն գագաթնաժողովը։ Պիտի ընթանայ ղեկավարներու հանդիպումով, եւ անոնց առանձին յարաբերութիւնները աշխատանքային նախաճաշի շուրջ», ըսած է ան։

Փեսքով յայտնած է, որ նախաձեռնութեան աւարտին ԶԼՄ-ներուն համար յայտարարութիւններով հանդէս պիտի գան ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Ստանիսլաւ Զասը եւ Նիկոլ Փաշինեան։