“Երկիր Մետիա”._Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը վերսկսած է իր բնականոն աշխատանքը Քիեւի մէջ։ Այդ մասին ըսուած է դեսպանութեան դիմատետրի էջին վրայ: «Հիւպատոսական բաժինը քաղաքացիներու ընդունելութիւնը կրկին կ’իրականացնէ Քիեւի Սիչովիխ Ստրիլցիվ փողոցի 51/50 հասցէին 23 Մայիսէն սկսեալ», նշուած է գրառումին մէջ: