Այս շաբթուան մտորումներս սկսելէ առաջ կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ազնիւ ընթերցողի մը, որ կ’առաջարկէր փոխել սիւնակիս անունը եւ դարձնել «Դիտակէս»:
Երբ իրեն շնորհակալութիւն յայտնեցի իր կարծիքին համար, կատակով ըսաւ՝ «Շնորհակալութիւն քէֆդ աւրելո՞ւս համար»:
Անշուշտ ոչ: Շնորհակալութիւն որ տակաւին կան ընթերցողներ, սրտցաւ մարդիկ, որոնք ազնուօրէն իրենց կարծիքը ոչ միայն կը յայտնեն, այլ նաեւ կը փորձեն նոյն ազնուութեամբ համոզել, բացատրելով իրենց կարծիքին տուն տուող պատճառները:
Կը տեսնէ՞ք … կար ժամանակ երբ ընթերցողները իրենք շնորհակալութիւն կը յայտնէին գրողին իր մտորումներն ու ստեղծագործութիւնները հրամցնելուն համար, իսկ հիմա շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ գրողը, ազնիւ ընթերցողի մը, որովհետեւ …
Ըսեմ ինչո՛ւ. որովհետեւ մեր օրերէն դժբախտաբար շա՜տ պակսած են ազնիւներն ու ընթերցողները. երկուքն ալ այնքան կարեւոր շատերուս համար: Հետեւաբար չ’արժե՞ր շնորհակալութիւն յայտնել, երբ այս երկու յատկութիւնները մէկ անձի մէջ գտնուին:
* * *
Երբ որոշուեցաւ Փարիզի կանաչեղէն-պտուղի Լէ Հալ շուկային տեղը մեթրոյի նոյնանուն կեդրոնական կայարանը կառուցել, ճարտարապետներն ու քաղաքապետարանը իրենք զիրենք մեծ խնդիրի մը առջեւ գտան՝ այդ շրջանը առնէտներու կեդրոն մըն էր ու եթէ սկսէին հողը փորելու աշխատանքներուն (այսօր այդ կայարանը չորս յարկ ունի գետնին տակ), առնէտները քաղաք պիտի խուժէին, իրապէ՛ս մեծ խնդիր յարուցելով:
Յետոյ եկած է ճաբոնցի գիտնական մը (արդեօ՞ք առնէտներու մասնագէտ եղած է, վստահ չեմ), որ ուսումնասիրելէ ետք կացութիւնը, տեսած է թէ առնէտները երկու գլխաւոր խումբերու բաժնուած են, իւրաքանչիւրը իր ղեկավարով:
Առաջարկեր է ղեկավարներէն մին սպանել, որովհետեւ հակառակորդ խումբին ղեկավարն ու անդամները պիտի խորհին թէ իրենց հակառակորդներուն գործն է, պիտի հակադարձեն եւ այդպէս, երկու խումբերը զիրար պիտի «մաքրեն», ոչնչացնեն:
Ասիկա իրականութի՞ւն է թէ հեքիաթ, կարեւոր չէ:
Տարիներ առաջ, Սուրիոյ պատերազմը սկսելէն թերեւս երկու տարի առաջ սկսայ կարդալ Եասմինա Խատրայի «Քապուլի Ծիծեռնակները» վէպը:
Ալճերիացի ֆրանսագիր այս հեղինակը քանի մը հատորներ ունի, որոնք շատ լաւ գրուած են, կը ներկայացնեն խնդրայարոյց հարցեր, էջերը անակնկալներով կ’ընթանան եւ օգտագործուած լեզուն շատ գեղեցիկ է, միաժամանակ ըլլալով ոչ բարդ:
«Քապուլի Ծիծեռնակները» վէպին դէպքերը կ’ընթանան նոյնանուն քաղաքին մէջ, միաժամանակ կը ներկայացնեն քաղաքին աւերուածութիւնը Թալիպանի ներխուժումին ընթացքին:
Կը կարդայի եւ սիրտս փոխնիփոխ կը քմմուէր (քամուէր) ու կ’արիւնէր, կը թուէր թէ արիւնիս մզիլը կը զգայի եւ ատիկա սարսափով կը լեցնէր զիս. անընդհատ, յանկերգի մը պէս, մէկը մէջէս կը կրկնէր՝ «Հապա՞ եթէ վաղը Հալէպն ալ նոյն վիճակին մէջ ըլլայ …»:
Հիմա գիրք կարդալէ աւելի, լուրերուն կը հետեւինք տարբեր միջոցներով:
Ժամանակին մեր մեծ հայրերը, ականջը ձայնասփիւռին փակցուցած, մէկ կայանէն միւսը կը ցատկէին, «վստահելի» լուրեր քաղելու համար: Մեր հայրերը հեռատեսիլին առջեւ, հեռաղեկը ձեռքին նոյն ցատկռտուքին մէջ կը հալածէին վաւերական լուրը եւ … չէին հասներ անոր:
Հիմա մենք ճիգ չենք թափեր. ընկերային ցանցերուն վրայ լուրերն են, որ մեզ կը հալածեն. որքան ալ փորձես չհետեւիլ անոնց,- որովհետեւ գիտես անոնց մեծ մասին սուտ ըլլալը,- նորէն ալ երբեմն-երբեմն աչքդ կ’իյնայ լուրի մը, որ քեզ տակնուվրայ կ’ընէ.
«Եթէ Թուրքիան յարձակի Հայաստանի վրայ, Ռուսիան պիտի չպաշտպանէ Հայաստանը»:
Իրաւ որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ եղեր:
Նոյն յանկերգը սկսաւ մէջս, նախ ցած, առանց ուշադրութիւնս գրաւելու, մինչեւ բարձրացաւ այնքան, որ սկսաւ հոգիս խուլցնել:
Եւ կը սկսիս մանկապարտէզին մէջ սորված 1+1=2-ով բան մը հասկնալ. ուրեմն՝ «Ես Հայաստան, դուն՝ Ուքրանիա». խօսքը ամառնային արձակուրդներու մասի՞ն է:
Ու յանկարծ սարսափով անդրադարձայ, որ բոլորս, ըսել կ’ուզեմ մարդկութիւնը ամբողջ,- առանց հաշուելու անշուշտ մարդկային կատակերգութեան թատրոնին ղեկավարները,- դարձեր ենք առնէտներու բազմութիւններ, որոնցմէ պէտք է ձերբազատուիլ, վերի «մակարդակներուն» վրայ նստածներուն կողմէ, որովհետեւ որոշուած է ամբողջ աշխարհին համար նոր Լէ Հալ մը կառուցել:
Տեսանող մը կ’ուզենք, որ մեզի խօսի քիչ մըն ալ գալիքին մասին:
Մարուշ Երամեան