Շատո՜նց այսքան չեմ ոգեւորուած: Արիւնը երակներուս մէջ կ’եռայ: Սիրտս, միտքս ու հոգիս մէկ տեղ են՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ: Ականջներուս մէջ մարտական կշռոյթով «Զարթնիր, Լաօ՛»-ն կը հնչէ: Կը մտածեմ արդեօ՞ք 90-ականներուն ալ այս ոգին կը տիրէր: Հայը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին շատ դժնդակ օրեր տեսած է, բայց այս մէկը չէ ընկճած զինք: 2020-ի պատերազմը ջախջախեց մեզ եւ դժբախտաբար ուշացաւ մեր վերականգնումը, բայց 23 Ապրիլին հնչած մարտակոչը ՀԱՅը ոտքի հանեց:
* * *
Մայիս ենք…: «Մայիս յաղթանակներու ամիս» սորվեցուցած էին մեզի: 9 Նոյեմբեր 2020-էն ետք մարդս կ’երկմտի տօնե՞լ Մայիս 8-9-ի Շուշիի ազատագրման տօնը, թէ՞ սգալ մեր Շուշիի կորուստը: Շուշիի ազատագրումը ՊԷՏՔ Է ՏՕՆԵԼ: 1920-էն ետք Հայաստան կորսնցնելով անկախութիւնը միացաւ Խորհրդային Միութեան, սակայն այս մէկը արգելք չեղաւ, որ հայը ամէն տարի մեծ շուքով նշէ Հայաստանի Անկախութեան տօնը՝ 28 Մայիսը:
Ցաւով լսեցի, որ այս տարի Արցախի մէջ 9 Մայիսի հերոսամարտի յիշատակը յարգուած է մէկ վայրկեան լռութեամբ եւ սգոյ երթով: Մի՞թէ մեր Շուշին ազատագրող հերոսները՝ «Հարսանիք Լեռներուն Մէջ» ընողները, աւելիին արժանի չե՞ն: Այո՛, կը հասկնամ, դժուար է, շա՛տ դժուար սրտի թրթիռով փայփայած անկախութիւնը մէկ օրուան մէջ կորսնցնել, բայց այդ հերոսները իրենց կեանքին գնով մեզի մեր դարերով երազած անկախութիւնը պարգեւած են եւ սգոյ երթէն շատ աւելիին արժանի են:
* * *
«Զարթնիր, լաօ՛, մըռնիմ քըզի», կրկին նոյն բառերը, կրկին նոյն մարտակոչը:
Կարգ մը մարդոց կարծիքով «Զարթնիր, լաօ՛»ն թոյլ կարգախօս է, որովհետեւ այս խորագրով երգին բառերուն նայելով կը տեսնենք, որ անոնք տխրութիւն կ’առթեն: Միթէ՞ մեր այսօրուան իրականութիւնն ալ տխուր չէ: Միթէ՞ նոյն Խուժանը չէ, որ կոտորեց եւ կը շարունակէ կոտորել մեր ազգի զաւակները:Միթէ՞ մեր յոյսը կրկին «օրօրոցին» վրայ չէ:
* * *
Սովետական բարքերը փորձեցին կաշկանդել հայու ոգին: Այսօր նման մտայնութեամբ մարդիկ՝ ներկայանալով գերիներու բարեկամներ, ընդդիմութենէն պահանջելով գերիներու վերադարձը, դիմաւորած էին «Դիմադրութիւն» շարժման մասնակիցները ամենավատ հայհոյանքներով եւ հաւկիթներ նետելով եւ… թքնելով…, որուն ի հետեւանք երիտասարդներ բախում ունեցած են 80-ամեայ ծերունիի մը հետ եւ կամովի յանձնուած ոստիկանութեան:
* * *
Ազատութեան եւ արդարութեան հասնելու ճանապարհը դժուար է՝ փշոտ եւ տատասկոտ: Ազատութեան եւ Արդարութեան համար պայքարողը կ’ամբաստանուի, կը հետապնդուի, կը բանտարկուի, բայց չ’ընկրկիր, կրկին կը պայքարի, մէկ պայքարողը կ’ըլլայ երկու, երկուքը՝ քսան, քսանը՝ երկու հարիւր, երկու հարիւրը՝ երկու հազար եւ աւելի՛:
«Դիմադրութիւն» շարժման մասնակիցները, ուշ կամ կանուխ, պիտի հասնին իրենց նպատակին: Այսօրուան իշխանութիւնը գահընկէց պիտի ըլլայ: Շուշին կրկին պիտի դառնայ ՀԱՅԿԱԿԱՆ, ԲԱԽՏԱՒՈՐ եւ ԳՈՒՆԱԳԵՂ, եթէ դիւանագիտութեամբ եւ ուժով ձեռք բերենք զայն ազատագրելու լծակները՝ մեր ազգի ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ պայքարով: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ամրապնդելով բոլորս միասին «ՊԻՏԻ ԿԵՐՏԵՆՔ ՆՈՐ ԱՐՇԱԼՈՅՍ»:
Վեհան Պարսումեան