2021-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանէն շրջանաւարտ դառնալու մեր աւարտական հանդէսին երգչախումբը կ’երգէր հայրենիքի կարօտը, Արցախն ու Արեւմտեան Հայաստանը: Իսկ երկու շաբաթ առաջ՝ 24 Ապրիլին առիթով, ակումբի պատին վրայ տեղադրուած որմնաթերթի բովանդակութիւնը կ’ընդգրկէր Արեւմտահայաստանի բռնագրաւուած գաւառներուն անունները: Թերթին վրայ իւրաքանչիւրիս մատնահետքով կը հաստատէինք  մեր տեղացիութիւնը:
Ինչի՞ հետեւանք էր մեր պոկումը հայրենի մեր արմատներէն… 1915-ի Ցեղասպանութեան: Իսկ Ցեղասպանութիւնը ինչի՞ հետեւանք էր: Այո՛, Օսմանեան կայսրութեան մշակած մեր ազգի բնաջնջման ծրագրին հետեւանքն էր, բայց արդեօք եթէ մենք այդ օրերուն հզօր պետականութիւն ունենայինք, պատասխանատու իշխանութիւն ունենայինք եւ որպէս ժողովուրդ հեղինակութիւն ունենայինք ու դէմ դնէինք թուրքերուն, հոս պիտի հասնէի՞նք:
Այո՛, ունեցանք ֆիտայական շարժումներ, կռիւներ, մարտեր եւ այդ մարտերէն ձեռք բերինք Հայաստանի Ա. Անկախութիւնը, բայց այդ փոքրամասնութեան մասին չէ, որ կը խօսիմ, այլ այն մեծամասնութեան, որ առանց ինքնապաշտպանութեան, առանց զէնքի, առանց դիմադրութեան գլուխը կախ ենթարկուեցաւ թուրքին:
Հզօր պետականութիւն, պատասխանատու իշխանութիւն, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի հեղինակութիւն՝ ակնթարթով մը մէջտեղ չեն գար, այլ տարիներ շարունակ ժողովուրդին բարոյահոգեբանական պատրաստութեամբ կը գոյանան:
Մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը զարթօնքի հոսանքը կասկածով դիտած էր, հարց տալով, որ փոքր ժողովուրդ մը ինչպէ՛ս դէմ պիտի դնէ հզօր կայսրութեան: Չէր գիտեր, որ եթէ ինք այդ հոսանքին հետեւէր լիովին, մինչեւ վերջ,  հաւանաբար այսօր մենք տիրացած ըլլայինք մեր հողերուն:
Այսօր Հայաստանի մէջ «Զարթնիր, Լաօ՛» շարժումը ծաւալած է, որպէսզի մեր հայրենակիցներն ու անոնց սերունդները ապագային աշխարհի զանազան անկիւնները չերգեն հայրենիքի կարօտը, կամ պատի թերթի մը վրայ չհաստատեն իրենց տեղացիութիւնը, այլ՝ իրենց ձեռքերուն մէջ ունենան ՀՀ-ի անցագիրը՝ միջազգայնօրէն հաստատուած, որպէսզի վաղը օտար երկիրներու մէջ թաղամասեր չկոչուին հայրենի երկրին անուններով, ու անոնց սկիզբը չաւելնայ «Նոր» արմատը:
Զարթնիր, լաօ՛, արթնցի՛ր, որովհետեւ ինչպէս Փաշինեան Շուշին յայտարարեց տժգոյն քաղաք ու յանձնեց զայն, հեռու չէ, որ շրջան մը վերջ Երեւանն ալ ճանչնայ որպէս թրքական քաղաք եւ յանձնէ զայն թուրքերուն, արդարացնելով թէ հոն ալ հայ չէ մնացած այլեւս:
Մեր՝ Սփիւռքի երիտասարդներուս առաքելութիւնն է նաեւ ականջ տալ այս շարժումին, տարածել զայն, եթէ կարելիութիւն ունենանք մաս կազմենք մեր հայրենակիցներու շարքերուն: Պահենք մեր ինքնութիւնը, ճանչնանք մեր պատմութիւնը իր ամբողջութեամբ, որովհետեւ այսօրուան պայքարը նաեւ պատմութեան խեղաթիւրման դէմ պայքար է:
Սորվի՛նք պատմութենէն, սատարենք մեր երազած պետականութեան կազմութեան եւ քալենք ամբողջական հայրենիքի տեսլականով:
Զարթնիր, լաօ՛, մեռնիմ քեզի:
Արփի Գէորգեան