Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան պարարուեստի Յանձնախումբին,  Շաբաթ 7 Եւ Կիրակի 8 Մայիս 2022-ին, «Շուշի» եւ «Սարդարապատ» պարախումբերը բեմ բարձրացան իրենց տարեկան ելոյթը հրամցնելու հալէպահայութեան։
Ելոյթին բացումը կատարուեցաւ Սուրիական Հանրապետութեան եւ ՀՀ զոյգ քայլերգներով:
Արաբերէն բացման խօսքով Նարօտ Պարսումեան անդրադարձաւ պարի կարեւորութեան, յայտնելով  որ պարը դարերու ընթացքին եղած է արտայայտութեան միջոց  մը, այլեւ՝  արուեստ մը։
Հայերէն բացման խօսքով Մարալ Ղազարեան մատնանշեց Սփիւռքի դերը՝ Համազգայինի նման մշակութային միութիւններու  ճամբով հայ մշակոյթը, հայկական պարարուեստը հայ սերունդներուն սեփականութիւնը դարձնելու եւ անոնց մերձեցումը անքակտելի պահելու, աւելցնելով, որ  ի հեճուկս Սուրիոյ մէջ տիրող տնտեսական ծանր պայմաններուն, Համազգայինը կրցաւ զոյգ պարախումբերը բեմ հանել եւ հանդիսատեսը փոխադրել հայկական լեռնաշխարհ, միեւնոյն ատեն զինք ծանօթացնել օտար մշակոյթներու։
Օրուան բեմավար Սարին Խալոյեան իւրաքանչիւր պարի մասին տեղեկութիւն կը փոխանցէր, իր խօսքերը համեմելով բանաստեղծներու եւ արուեստագէտներու  վկայութիւններով։
Ելոյթը բաժնուած էր երկու մասի։ Առաջին բաժինը կեդրոնացած էր օտար պարերու վրայ, ինչպէս՝ «rock and roll»,«hip hop», ռուսական եւ արաբական պարեր։ Պարողները իրենց դէմքի արտայայտութիւններով եւ ճկունութեամբ յաջողեցան  պարարուեստի հմայքով պարուրել ներկաներուն հոգիներն ու սրտերը:
Երկրորդ բաժինը հայրենասիրական պարեր կ’ընդգրկէր, բոլորը նուիրուած՝ Հայաստանի ու Արցախի։ «Հերոս Տղերք», «Արցախ-Հայաստան» պարերը նուիրուած էին մեր անմահ հերոսներուն եւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, ունէինք նաեւ յաղթական պարեր՝ «Պատերազմ Էք Գնում» եւ «Ախ Ֆիտայիք»։
Մեր  հեզաճկուն աղջիկներն ու կայտառ տղաքը  ներդաշնակ կը պարէին,  իսկ երաժշտութեան հետ ներդաշնակ անոնց շարժուձեւերը արուեստի մարմնացումն էին բեմին վրայ։
Աւարտական պարէն ետք, համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մսնճ.-ի Վարչութեան ատենապետ Գէորգ Աղպապեան, պարգեւատրեց զոյգ պարախումբերու գեղարուեստական ղեկավար Վրէժ Թէրզեանը:
Աւարտին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան եզրափակիչ իր պատգամով ուրախութիւնը յայտնեց ելոյթին ի տես,  քաջալերեց ծնողները, որոնք կը վստահին համազգայինին ու իրենց զաւակներուն առիթ կու տան ծանօթանալու եւ սորվելու հայկական արուեստը, այս պարագային պարարուեստը։ Ապա դիտել տուաւ, որ նման ելոյթները կարեւոր են ժողովուրդին դրական ուժ ներշնչելու համար։
Տէր Մասիս շնորհակալութիւն յայտնեց պարողներուն, պարարուեստի յանձնախումբին, վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք դեր ունեցան այս ելոյթի յաջողութեան մէջ, կարեւոր համարելով հաւաքական աշխատանքը:
Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Անժելա Չաղլասեան