Սփիւռքի մէջ մեր երիտասարդութիւնը Համազգայինի ճամբով խմբուած է հայ մշակոյթին շուրջ, պահելու իր հայկական դիմագիծն ու ոգեղէն իր սնունդը առնելու հայ մշակոյթի տարբեր մարզերէն։

Համազգայինը ունի մասնաճիւղեր սփիւռքի գրեթէ բոլոր հայատարած շրջաններուն մէջ։ Գամիշլիի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղը անոնցմէ մէկն է։ Մասնաճիւղը ունի մասնագիտական յանձնախումբեր եւ իր շուրջ կը համախմբէ շջանի երիտասարդութիւնը։

Ան յաջողած է հայ սրտերուն մէջ կերտել ոգեղէն հայրենիք մը, որ կենսունակ պահած է հայութիւնը Սուրիոյ պատերազմական դաժան տարիներու ընթացքին անգամ։ Մասնաճիւղը ջանք չէ խնայած կազմակերպելու մշակութային տարբեր ձեռնարկներ, դառնալով Համազգայինի Սուրիոյ աշխոյժ մասնաճիւղերէն մէկը, հակառակ բազում դժուարութիւններու։

Կազմակերպած է ամառնային դպրոցներ, աշխուժացուցած է «Վանայ» պարախումբը, համաճարակի տարիներուն պատրաստած է առցանց բազմաթիւ յայտագիրներ եւ ներկայիս կը պատրաստէ երգչախումբ, հայերէնի ուսուցման տարբեր ծրագիրներ գամիշլիահայ երիտասարդութեան հայեցի դիմագիծը պահպանելու համար։

Յանձնախումբերու գործունէութեան համար անհրաժեշտ համարած է մշակութային կեդրոնի մը ապահովումը եւ շուտով գործի լծուած է՝ հակառակ Սուրիոյ ներկայ տնտեսական ծանր պայմաններուն։ Ազգ. Եփրատ նախակրթարանի ներքնայարկը լաւագոյն վայրն էր։

Ան կը բաղկանար 3 սենեակներէ, որոնք պիտի տրամադրուէին երաժշտանոցի, կերպարուեստի ակեդեմիայի, հայերէնի դասընթացքի եւ ընթերցարանի։ Յարկը ունի ընդարձակ սրահ մը, որ ներկայիս երկու մասի բաժնուած է՝ մէկը պարախումբի փորձերու, միւսը երիտասարդական հաւաքներու համար։

Նիւթական ապահովելու մեր ճիգերը թէեւ դժուարութիւններու կը հանդիպէին, բայց եւ այնպէս աշխահասփիւռ հայեր, ի մասնաւորի գամիշլիահայեր, որոնց կը հետաքրքրէ Գամիշլիի հայ գաղութին կենսունակ մնալը ու հպարտութիւն կը զգան անոր իրագործումներով, նիւթական ու բարոյական իրենց օժանդակութիւնը չխնայեցին ու փութացին օգնութեան մինչեւ գործի մեծ մասին լրումին հասնիլը, որուն համար մասնաճիւղի վարչութիւնը խորապէս երախտապարտ է անոնց։

Ներկայիս աշխատանքը կանգ առած է, որովհետեւ սրահին կահաւորումը նիւթականի կը կարօտի։ Կեդրոնը կահաւորուելէն ետք պատրաստ կ՚ըլլայ ընդունելու համազգայնականները իր յարկին տակ, տարբեր գործունէութիւններով ծաղկեցնելու գամիշլիահայութեան մշակութային կեանքը։

 

Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան