Համացանցի վրայ այսօրուընէ կարելի է ընթերցել «Դրօշակ»-ի մայիսեան թիւը։ Աւանդաբար տօնական Մայիսը մեր օրերուն կը տրամադրէ այլ խորհրդածութիւններու, բնականաբար դարձեալ առանցքի մէջ ունենալով հայոց պետականութեան անցեալի, ներկայի ու ապագայի հիմնահարցերը։

Այդ ոգին կը կրէ նաեւ թիւի առաջնորդող յօդուածը, որուն քննարկումին հիմնական առարկան այսօրուան ներքաղաքական իրողութիւններն են։ Քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան «Մոսկուա՞, թէ Պրիւքսէլ» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ կը քննէ ատրպէյճանաթրքական հովանաւորին կողմէ պարտադրուող զիջումներու պայմաններուն մէջ Հայաստանի պատեհապաշտ իշխանութիւններու դեգերումներուն հարցը՝ Մոսկուայի եւ Պրիւքսէլի միջեւ։

Յօդուածին հեղինակը համոզմունք յայտնած է, որ վարուող պարտուողական քաղաքականութեան դէմ այս ներկայիս ծաւալող համազգային ընդվզումը բոլորին համար ակնյայտ կը դարձնէ, որ հայ ժողովուրդը չի պատրաստուիր համակերպելու իշխանութիւններուն դաւաճանական քաղաքականութեան հետ եւ իր այս վճռական կեցուածքով ժողովուրդը իր պետութիւնը առարկայական կարգավիճակէն կը բարձրացնէ տուեալական մակարդակի։

Իշխանութիւններու համագործակցութեան էութեան կ’անդրադառնայ պատմաբան Անի Մելքոնեան, այս անգամ եւս երեւոյթը ընդհանրացնելով պատմական համապատկերին վրայ։ Հիմնուելով Հայաստանի բարձր պաշտօնեաներու արտայայտութիւններուն վրայ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ, Աւստրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Գէորգ Յակոբճեան կը նկատէ, որ պետական-պաշտօնական մակարդակով փորձ կատարուած է ճարպիկօրէն հրաժարելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդարութեան վերականգնումի պահանջատիրութիւնը յայտարարելով, թէ. «Մեր նահատակուած հայրենակիցներուն յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու լաւագոյն ձեւը հզօր եւ ժողովրդավար Հայաստանի կայացումն է, մեր ժողովուրդի բարօր կեանքի, մեր երկրի սահմաններու ամրութեան ու անվտանգութեան ապահովումն է, Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան ամրապնդումն է»:

ՀՀ նախագահի ապրիլքսանչորսեան ուղերձէն կատարուած այս մէջբերումը, ըստ յօդուածագիրին, ազգային կարեւոր հիմնահարցէն հրաժարելու, զայն մոռացութեան մատնելու ձեւ է։ 104 տարի առաջ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումին, այդ ճակատագրական իրողութեան դասերուն ու խորհուրդներուն կ’անդրադառնայ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Արարատ Յակոբեան։

Նոյն շրջանին հետազօտողի հայեացք նետելով պատմական գիտութիւններու դոկտոր Արմէն Մարուքեան կը լուսաբանէ 1918 թուականին տեղի ունեցած Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին, անոր առնչուող իրադարձութիւններուն, ինչպէս եւ ճակատամարտի նշանակութեան վերաբերող հարցեր։

Պատմաբան դոկտոր Վանիկ Վիրաբեանի յօդուածը նուիրուած է առաջին հանրապետութեան շրջանին Ատրպէյճանի գործադրած ջանքերուն Հայաստանէն խլելու Զոդն ու Պասարկեչարը(Վարդենիսը)։ Աւելորդ է ըսել, որ սրծարծուող նիւթը խիստ արդիական է ներկայիս Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն խորապատկերին վրայ։

«Դրօշակ»ի ընթերցողը հետաքրքրութեամբ կ’ընթերցէ նաեւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Դաւիթ Գասպարեանի յօդուածը՝ նուիրուած Եղիշէ Չարենցին եւ Ճարտարապետ Ռոմէօ Ջուլհակեանին նուիրուած գիրքին անդրադարձը՝ քանատահայ մտաւորական, Ճարտարապետ, գրող, հրապարակագիր Վրէժ Արմէնի կողմէն։

«Դրօշակ»ի 2022-ի հինգերորդ թիւը համացանցի վրայ կրնաք գտնել droshak.am հասցէով: