Չորեքշաբթի, 11 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ներկայութեամբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի եւ Առաջին Տիկնոջ՝ Ասմա ալ-Ասատի, Դամասկոսի Ազգային թանգարանէն ներս հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Նահատակներու տօնին 106-ամեակին առիթով։

Սուրիոյ Պաշտպանութեան եւ Մշակոյթի Նախարարութեան կազմակերպած սոյն հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նահատակներու ընտանիքներ, նահատակներու զաւակներ, օսմանական եւ Ֆրանսական թշնամիին դէմ պատերազմ մղած մարտիկներու թոռներ, սուրիական բանակի ներկայացուցիչներ, շքանշանակիրներ, սուրիական տարբեր նահանգներու մէջ նահատակներու հարցերու յատուկ գրասենեակներու տնօրէններ, արտաքին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ դիւանագէտներ։

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրիոյ պաշտպանութեան, ներքին գործոց, մշակոյթի եւ Սուրիոյ նախագահական պալատի պետական նախարարները։