1. Ոլոռնի կանոնաւոր օգտագործումը կը հարստացնէ օրկանիզմը սպիտակուցներով (փրոթին) եւ այս ձեւով ան գրեթէ ամբողջութեամբ կը փոխարինէ միսը:
2. Ոլոռնը բնական հակաօքսիտանթ է, որ կը խոչընդոտէ մարմնի կազմուածքին մէջ թոյներու եւ ազատ արձակուող ճառագայթներու կուտակումը եւ կը կանխէ շարք մը հիւանդութիւններու զարգացումը:
3. Ոլոռնը կը պարունակէ A, E եւ B կենսանիւթեր, ինչպէս նաեւ ֆոսֆոր, երկաթ, եոտ, մակնիզիում եւ նատրիում:
4. Ան կը կարգաւորէ մարսողական համակարգը եւ կը բուժէ ստամոքսային այրուածքները:
5. Ոլոռնը կը թելադրուի օգտագործել գիրնալու յատուկ սննդակարգի համար:
6. Ան կը նպաստէ սրտանօթային համակարգի աշխատանքին:
Ոլոռնի հայրենիքը հին Եգիպտոսն է, ուր առաջին անգամ նկատուած է այս մթերքին կարեւորութիւնն ու սննդարարութիւնը:
Ոլոռնը կ’օգտագործուի պահածոյի ձեւով եւ թարմ ու սառեցուած վիճակով: Պահածոյ ոլոռնը պէտք է ունենայ առողջ գոյն եւ չոր չըլլայ: Պահածոյ ոլոռնին թարմ համ տալու համար եփի ընթացքին սուրճի դգալ մը շաքար կրնաք աւելցնել:
Ոլոռնը առաւելաբար կ’օգտագործուի ապուրներ, կարկանդակներ ու աղցաններ պատրաստելու համար: