Եղանակային փոփոխութիւններու ատեն, երբ ընդհանուր մաքրութեան կը ձեռնարկենք,  հակամէտ ենք շատ մը ոչ պիտանի իրերէ ձերբազատելու կամ զանոնք թափելու: Կարելի է անոնցմէ օգտուիլ, ինչպէս կը տեսնէք վերը        ներկայացուած պատկերներուն մէջ:
Հին գրտնակ մը, մետաղեայ գունատած ձագար մը, հին կաթսայէն մնացած կափարիչ մը, անօգտագործելի գինիի բաժակ մը, եւ տակաւին ինչե՜ր կարելի է գտնել խոհանոցին պահարաններուն մէջ:
Տեսէ՛ք, թէ վառ երեւակայութեամբ մարդիկ ի՛նչ լուսաւոր գաղափարներ ունեցած են՝ վերոյիշեալ խոհանոցային ոչ պիտանի իրերը վերածելով փոքրիկ գեղօրներու: