“Ազդակ”._Ուրբաթ, 13 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Փոլիկարպոսի կառատունը ժամադրավայրն էր լիբանանահայութեան, այն լիբանանահայութեան, որ գիտէ զանազանել ճիշդը սխալէն, ընտրել արժանին անարժէքէն, ընտրել մնայուն կերպով իրեն նեցուկ հանդիսացողը զինք շահագործել փորձողէն, գիտէ, որ իր իրաւունքներն ու շահերը հետապնդողը պարագայական անձ կամ կողմ չի կրնար ըլլալ, այլ կրնայ ըլլալ այն կուսակցութիւնը, որ լիբանանահայութեան համար մնայուն տէր է ու ծառայ միանգամայն, որ իր կողքին է բոլոր առիթներուն եւ բոլոր ժամանակներուն, լաւ, պայծառ, սակայն յատկապէս դժուար ու մռայլ օրերուն: Անգամ մը եւս համախմբուած էր լիբանանահայութիւնը իր կուսակցութեան շուրջ, անգամ մը եւս բազմամարդ շարքերով եկած էր հաստատելու, որ ՀՅԴ-ի Լիբանանի կառոյցն ու անոր որոշումով առաջադրուած երեսփոխանական թեկնածուները առանձին չեն, այլ իրենց հետ ունին լիբանանահայութեան ձայնն ու քաջալերանքը, որովհետեւ գիտակից իւրաքանչիւր լիբանանահայ լիովին կը հաւատայ, թէ գաղութը կը պահուի, կը գոյատեւէ եւ արժէք կը ստանայ ՀՅԴ-ով եւ անոր հովանիով:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ կայացած ընտրական այս մեծ հաւաքին բացումը կատարեց Համազգայինի «Գուսան» արական երգչախումբը` Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Ապա ցուցադրուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքին եւ Դաշնակցութեան կողմէ նախորդ տարիներուն տարուած աշխատանքներուն ամփոփ ու ընդհանուր պատկերը ներկայացնող տեսերիզներ: Անկէ ետք լիբանանահայութեան իրենց սրտի խօսքերը ուղղեցին Ալեքքօ Պէզիքեան, Խաժակ Գուլաճեան, Վիգէն Դարբինեան, Հրայր Ճէպէճեան եւ Սեւակ Քեթենճեան:
 
Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի երգիչներ Արսէն Գրիգորեան (Մրրօ), Եւա Եկանեան եւ Վարդան Պատալեան, իսկ բեմավարութիւնը կատարեցին Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան եւ Գէորգ Եագուպեան:
Կառատունը եւ զուգահեռ փողոցը լեցուցած լիբանանահայերուն խօսք ուղղեց եւ անոնց հետ մտերմաբար «զրուցեց» ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։
Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ այս երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան ու լիբանանահայութեան պայքարը հիմնական քանի մը խորագիրներու ներքեւ կը մղուի: «Անհատակեդրո՞ն, թէ՞ հաւաքական ներկայացուցչութիւն. ո՞վ կրնայ կոտրել այս հաւաքականութեան կամքը. երբ հաւաքուած ենք բոլորս միասին, երբ մէկ բռունցք ենք, դժուար է ճզմել մեզ, բայց երբ անհատ ենք, դիւրին է ծունկի բերել զայն, դժուար է ծունկի բերել այս մեծաթիւ ժողովուրդը, դիւրին է ծունկի բերել մէկ անհատը: Այսօր ծրագրուած յատուկ ճիգ կայ` ծունկի բերելու ձեր բոլորը, հաւաքականութիւնը, որպէսզի անհատներու միջոցով կարենան ղեկավարել մեր ժողովուրդը: Ինչո՞ւ, որովհետեւ հաւաքականութեան կամք պարտադրելը, օտարի որոշում պարտադրելը, այլոց քաղաքականութիւնը պարտադրելը դժուար է, անկարելի է, մանաւանդ երբ այդ հաւաքականութիւնը հայկական հաւաքականութիւն է», շեշտեց Բագրատունի` աւելցնելով, որ անհատը կը գնուի, սակայն հաւաքականութիւնը` անկարելի է, երբ կայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ տասնամեակներ ամբողջ ոչինչ զլացած է իր ժողովուրդին: Ան նշեց, որ քանդեցին հայկական թաղամասերը, հայու արիւն հոսեցաւ ամէնուրեք, սակայն լիբանանահայութիւնը մնաց Լիբանանի մէջ, որովհետեւ ունէր ապաւէն ու պաշտպան` ՀՅԴ-ն, որ այսօր եւս կը շարունակէ այդ դերը ու այդպէս ալ պիտի շարունակէ:
Ապա կրկին բեմ բարձրացան Արսէն Գրիգորեան (Մրրօ), Եւա Եկանեան եւ Վարդան Պատալեան, որոնք ճոխացուցին մթնոլորտը: