ԺԲ.
 
ՀՄԸՄ-ականներուս պարտքն է միութեան եւ Սուրիոյ անցեալի մարզական հարուստ պատմութեան էջերը անաղարտ պահել ու յստակօրէն ներկայացնել, ի մասնաւորի հայ նորահաս սերունդին:
 
Աւելի քան յիսուն տարի ետք, ոմանք փորձեցին ՀՄԸՄ-ի 1964-1965 եղանակի Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը ձեռք ձգած ըլլալը անտեսել ու պատմութեան այդ էջը խեղաթիւրել, նոյնիսկ Ֆութպոլի Սուրիոյ Ֆետերասիոնին (դաշնութեան) առաջարկել, որ Ուրբաթ 7 Հոկտեմբեր 1966-ը յայտարարէ, որպէս Սուրիոյ ֆութպոլի առաջին ախոյեանութեան ծնունդի օր:
 
Այս մտահոգիչ երեւոյթը Սուրիոյ ֆութպոլի մարզէն ներս վաստակ ունեցող անհատներու ուշադրութեան յանձնեցի եւ բարեբախտաբար դրական պատասխան ստացայ։
 
Անոնք հաստատեցին այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց Սուրիոյ ֆութպոլի«Մումթազ» դասակարգի առաջին ախոյեանութիւնը տեղի ունեցած է 1964-1965 եղանակին, եւ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի «Նատի ալ-Սուրի» խումբը արժանավայել մրցումով տիրացած է բաժակին, հետեւաբար ախոյեանութեան, երթի ու դարձի մրցումներու աւարտական զոյգ արդիւնքներուն հիման վրայ։
Երթի մրցումը տեղի ունեցած է Հալէպի մէջ, 14 Մարտ1965-ին, (1-0) արդիւնքով: Մրցումի միակ կոլը նշանակած է ՀՄԸՄ-ական եղբ. Ճորճիկ Ռաստկելէնեան։ Մրցումի միջազգային իրաւարարը եղած է Ռաշատ հաուասլի: Իսկ դարձի մրցումը տեղի ունեցած է 19 Մարտ 1965-ին եւ վերջ գտած հաւասար արդիւնքով (1-1): ՀՄԸՄ-ի կոլը նշանակած է Մորիս Ֆաքըս, ազատ հարուածով, 30 մեթր
հեռաւորութենէ: Մրցումի միջազգային իրաւարարը եղած է Սալէմ Այմաշ։
 
Ստորեւ կը ներկայացնեմ Սուրիոյ Դաշնութեան կարգ մը նախագահներու, անդամներու, մարզական մամուլի խմբագիրներու կամ թղթակիցներու եւ Սուրիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի աստղերու եւ մարզիչներու հաստատումներ, որոնք կը վկայեն, որ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը՝ «Նատի ալ-Սուրի»-ն, եղած է Սուրիոյ առաջին ախոյեանը, ուստի 1964-1965-ի ախոյեանութիւնը վաւերական է:
 
ՈՒԱԼԻՏ ԱԼ-ՔՐՏԻ
(Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութեան երբեմնի անդամ, ապա 40 տարի յաջորդաբար մարզական արաբական ակումբներու քարտուղար եւ խորհրդատու)
 
«1965-ի ախոյեանութիւնը վաւերական է, եւ ոչ մէկ կասկածի տեղիք կու տայ:
Ոմանք կը մեկնաբանեն զայն ըսելով, որ այս ախոյեանութիւնը ձեռք բերուած է երկու խմբաւորումով, հետեւաբար օրինական չէ: Այս հիմնաւորումը սխալ է, որովհետեւ որեւէ դաշնութիւն ինք միակ իրաւասուն է ախոյեանութեան ձեւը, դրութիւնը որոշելու՝ համաձայն իր պայմաններուն: Ինչ ձեւով ալ ընթանան ախոյեանութեան մրցումները վաւերական կը նկատուին, հետեւաբար 1965-ի ախոյեանութիւնը օրինական է ու վաւերական: Մենք, մինչեւ օրս, արաբական ակումբներու ախոյեանութիւնը կը կազմակերպենք նոյնիսկ երբեմն քանի մը խումբերու բաժնելով խաղացողները:
Ախոյեանութիւնները օրինական են այնքան ատեն, որ դաշնութեան որոշումով տեղի կ՚ունենան»:
 
ԳՆԴԱՊԵՏ ՖԱՐՈՒՔ ՊՕԶՕ
(Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութեան նախագահ, միջազգային ֆութպոլի իրաւարար եւ դասախօս)
 
«Եղբա՛յր Ճորճիկ,
հետեւեցայ ձեր ներկայացուցած պատմական տեղեկութիւններուն, որոնք հիմնաւորուած են ու վաւերական:
Ձեր ներկայացուցածը Սուրիոյ ֆութպոլի պատմութեան համար կարեւոր արխիւ է:
Խորին շնորհակալութիւն եւ գնահատանք աւելի քան յիսուն տարի ետք հաստատուած այս կարեւոր տեղեկութիւններուն համար, որոնք պատիւ ու պարծանք կ՚առթեն բոլորիս»:
 
ՄՈՒՀԹԱՍԵՄ ՂՈԹՈՔ
(Սուրիոյ Ողոմպիականի Դաշնութեան նախկին նախագահ: Ներկայիս կը գտնուի Օման, Մասքաթ, կազմակերպելու սոյն երկրի մարզական կեանքը)
«Այս պատմական յաղթանակը ճշմարտութիւն մըն է, եւ ոչ մէկ կասկածի տեղիք կու տայ: Կ՚առաջարկեմ որ Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը արձանագրէ այս իրողութիւնը, որպէս վաւերական արխիւ»:
 
(Շար. -1)
Ճորճ Ռաստկելէնեան