Շաբաթ, 14 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ շնորհաւորագիր յղեց Շէյխ Մուհամմէտ պըն Զայէտ ալ-Նահեանի՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ նշանակուելուն առիթով։
Նախագահ Ասատ ըսաւ. «Ջերմագին շնորհաւորանքներս կը փոխանցեմ ձեզի՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Բարձրագոյն Խորհուրդին վստահութիւնը վայելելով եւ մեծամասնութեան քուէարկութեամբ Իմարաթի նախագահ նշանակուելնուդ առիթով, մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն ձեր ստանձնած նոր պաշտօնին մէջ»։
Նախագահ Ասատ եզրափակելով ըսաւ. «Փափաքս է, որ միասնաբար շարունակենք զարգացնել Սուրիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը»։