“Անթիլիաս”._Ուրբաթ, 13 Մայիս 2022-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը։
 
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներուն առանցքը բնականաբար դարձան Ուքրանիոյ պատերազմը եւ Հայաստանը։ Յիշեալ հարցերուն գծով Նորին Ս. Օծութիւնը ներկայացուց իր պատկերացումները ու մտահոգութիւնները։
 
Դեսպան Ռուտաքով, իր կարգին, պարզեց Ուքրանիոյ հարցին գծով Ռուսիոյ կեցուածքը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ փոխադարձ հասկացողութեամբ լուծումներ որոնելու Ռուսիոյ ճիգը։
 
Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեան, կարճ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ դեսպանին եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ու հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի միջեւ։ Անոնք արծարծեցին յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան եւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն առնչուած հարցեր։
 
Նշենք, որ մի քանի օրեր առաջ Նորին Ս. Օծութիւնը անձնական նամակ մը ստացաւ ռուս եկեղեցւոյ պետ Քիրիլ Պատրիարքէն, որուն հետ Վեհափառ Հայրապետը երկար տարիներու բարեկամութիւն ունի՝ իբրեւ սերտ գործակիցներ միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս:
 
Յայտնենք, որ յետ միջօրէին, Հայրապետին նաեւ այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու Հայաստանը յուզող հիմնահարցերուն։