Երկուշաբթի, 16 Մայիս 2022-ին, Դամասկոսի Արուարձանի ոստիկանատունը ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ «Տարխապիէ» գիւղին մէջ, ահաբեկիչներ պայթուցիկ ական մը լարեցին ինքնաշարժի մը տակ։ Այսօր առաւօտեան ժամերուն ականը պայթեցաւ, միեւնոյն ժամանակ յարակից շրջանի մը մէջ այլ ական մըն ալ պայթեցաւ, որուն հետեւանքով 3 քաղաքացի զոհուեցաւ եւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։