Երկուշաբթի, 16 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Եւրոպայի եւ Սփիւռքի մէջ պաղեստինեան համայնքի միութեան ընդհանուր քարտուղարութեան անդամները, որոնք իրենց 5-րդ խորհրդաժողովը գումարեցին Դամասկոսի մէջ։ Նախագահ Ասատ ողջունեց պատուիրակութեան անդամները եւ իր ողջոյնները ուղղեց խորհրդաժողովի մասնակիցներուն։ Նախագահ Ասատ Պաղեստինեան Դատին հանդէպ Սուրիոյ մօտեցումը ամրակուռ եւ անկեղծ բնութագրեց, աշխարհագրական եւ գաղափարախօսական մակարդակներով, Պաղեստինեան Դատին յաղթական լուծումը Սուրիոյ յաղթանակը եւս համարելով։ Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Պաղեստինեան Դատը ճանաչելի դարձաւ միջազգային հարթակներու վրայ՝ շնորհիւ Պաղեստինի եւ Սփիւռքի պաղեստինցի դիմադրողներուն եւ նոր սերունդին, որ կը գիտակցի իր դատին կարեւորութեան եւ կառչած կը մնայ անոր։ Իրենց կարգին, պատուիրակութեան անդամները շեշտեցին, որ խորհրդաժողովը յաջողութեամբ պսակուեցաւ շնորհիւ Սուրիոյ Պաղեստինեան Դատին տրամադրած անսահման աջակցութեան: Անոնք աւելցուցին, որ այս տարի Սուրիան Խորհրդաժողովի անդամները ընդունելով եւ Սուրիոյ մէջ պաղեստինցիներուն քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները յարգելով կրկին փաստեց Սուրիոյ ժողովուրդին հաւատարմութիւնը, սէրն ու զօրակցութիւնը Պաղեստինի ժողովուրդին։