Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը` անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»:
 
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ՀԱՊԿ-ն պատրաստ է ապահովելու իր սահմաններու անվտանգութիւնը, ներառեալ Աֆղանիստանի մէջ եւ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու այլ արտաքին սահմաններուն անհանգստութիւն պատճառող իրավիճակի լոյսին տակ:
 
«Աֆղանիստանի մէջ կացութիւնը եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու այլ արտաքին սահմաններուն վրայ տիրող կացութիւնը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Այս ծիրին մէջ պատրաստակամութիւն կը յայտնենք ապահովելու ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ սահմաններու անվտանգութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
 
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրները պատրաստ են ՕԹԱՆ-ի հետ գործնական համագործակցութիւն հաստատելու:
 
«Գիտակցելով Եւրասիական շրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու հարցին մէջ մեր պատասխանատուութեան` կ՛ընդգծենք ցամաքամասին մէջ լարուածութեան թուլացման անհրաժեշտութիւնը եւ կը հաստատենք ՕԹԱՆ-ի հետ գործնական համագործակցութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: