Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Մորիթանական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, նախագահութեամբ Մորիթանական-սուրիական Բարեկամութեան Յանձմախումբի նախագահ Մուսթաֆա Սուհայպի։
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան արաբական մակարդակով արձանագրուած վերջին զարգացումներուն շուրջ, յատկապէս տարածաշրջանին խաղաղութեան պահպանման գծով ժողովուրդներուն դերակատարութեան ակնարկելով։
Նախագահ Ասատ դիտել տուաւ, որ տարածաշրջանին դէմ մղուած պատերազմը գլխաւորաբար գաղափարախօսական է, այն ինչ որ աւելի վտանգաւոր կը նկատուի քան զինուորական պատերազմը։
Նախագահ Ասատ շեշտեց նման խորհրդարանական եւ ժողովրդային պատուիրակութիւններու փոխայցելութեան կարեւորութիւնը, որովհետեւ անոնք դրական անդրադարձ կ՚ունենան երկու երկիրներուն վրայ։
Իրենց կարգին, պատուիրակութեան անդամները բարձր գնահատեցին Սուրիոյ կեցուածքը արաբական հարցերուն նկատմամբ։ Անոնք շեշտեցին, որ Մորիթանիան պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ ժողովուրդին՝ ահաբեկչութեան դէմ իր պատերազմին մէջ։