Չորեքշաբթի, 18 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ Կրթութեան նախարարութեան քննութիւններու բաժինի տնօրէն Իւնէս Ֆաթի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ 575. 413 աշակերտ-աշակերտուհի կը պատրաստուին միջնակարգի եւ երկրորդականի պետական քննութիւնները յանձնելու։ Անոնք պիտի բաժնուին 5027 կեդրոններու մէջ։
Միջնակարգի «Պրովէ» պետական քննութիւններ պիտի յանձնեն 317. 275 աշակերտ-աշակերտուհի, իսկ երկրորդականի «պաքալորիա»՝ 219. 484, գրական բաժին, 140. 498 գիտական բաժին։
 
Ֆաթի յայտնեց, որ Նախարարութիւնը ամբողջացուցած է բոլոր նախապատրաստական աշխատանքները, որպէսզի քննութեանց ընթացքը հեզասահ ընթանայ եւ աշակերտները դրական մթնոլորտի մէջ յանձնեն քննութիւնները։