Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Միաւորի Վարչութիւնը 10 Մայիսէն 13 Մայիս 2022, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, կազմակերպեց  չորս երաժշտական համերգներ, «Տիգրանեան» պարտէզի «Սահակ Նալպանտեան» սրահէն ներս, ամբողջացնելով 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանը։
Համերգներուն ներկայ գտնուեցան Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Շուշիկ Ղազարեան, Շրջ. Վարչութեան անդամներ, երաժշտանոցի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, աշակերտներու ծնողներ  ու հարազատներ։
Իւրաքանչիւր համերգի բացումը կատարուեցաւ վարչութեան ատենապետ Շողեր Մուշեղեան-Հայրապետեանի եւ յաջորդաբար վարչականներու բացման խօսքերով, ուր լուսարձակի տակ առնուեցաւ երաժշտանոցի առաքելութիւնը եւ շնորհակալական խօսք ուղղուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին՝ իր հայրական հոգածութեան համար, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, որ շարունակ զօրավիգ կը կանգնի երաժշտանոցի գործունէութեան, ապա նաեւ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի հոգաբարձութեան, «Տիգրանեան» պարտէզի յանձնախումբին, երաժշտանոցի տնօրէնուհիին, ուսուցչական կազմին եւ վերջապէս աշակերտներու ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին Համազգայինին։
Համերգներու հանդիսավարութիւնը յաջորդաբար կատարեցին երաժշտանոցի ուսուցչուհիներ  Փաթիլ Քէչէճեան, Տեսիլ Սարեան եւ Անի Պօղիկեան։
Ելոյթ ունեցան երաժշտական գործիքներու եւ ձայնամարզութեան աշակերտները, որոնք հայկական եւ միջազգային երաժշտական ստեղծագործութիւններու ընտրանի մը ներկայացուցին հանդիսատեսներուն։
Ձայնամարզութեան աշակերտներու մեներգներուն դաշնամուրով կ’ընկերակցէր ձայնամարզութեան վաստակաւոր ուսուցչուհի Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան, կարգ մը մենակատարներու ալ՝ Յովիկ Օհանեան։
Յատկանշական էին ջութակի եւ կիթառի անսամպլները, որոնք իւրայատուկ երանգ տալով համերգներուն, զարգացուցին պատանիներուն կատարողական կարելիութիւնները։
Համերգները փակուեցան երաժշտանոցի տնօրէնուհի  Անժելա Սեմէրճեան-Յակոբեանի քաջալերական խօսքով, որմէ ետք աշակերտները ստացան իրենց վիճակացոյցները։
Թղթակից