Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Ծնողաց Յանձնախումբը աշակերտներուն մօտ հայրենասիրութեան ոգին բարձր պահելու առաջադրանքով, Ուրբաթ, 13 Մայիս 2022-ի առաւօտուն, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Փիւնիկ» սրահէն ներս կազմակերպեց Արցախի գոյապայքարի հալէպահայ երեք նահատակներուն նուիրուած աշակերտական ոգեկոչում:
Հանդիսութենէն առաջ, աշակերտները վարժարանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեանի եւ Ծնողաց յանձնախումբին գլխաւորութեամբ, մեկնեցան Ազգ. Գերեզմանատուն, ուր Արցախի գոյապայքարի հալէպահայ նահատակներուն՝ հրամանատար Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի նուիրուած յուշակոթողին առջեւ Ծնողաց Յանձնախումբի ատենապետուհի բժշկհ. Թամար Բարսեղեան-Սարգիս յուշակոթողին մասին բացատրութիւն տուաւ, ապա Քահանայ Հայրը հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ Արցախի նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: Աւարտին աշակերտները խունկ եւ մոմ վառեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին հալէպահայ անմահ հերոսներու յուշակոթողին առջեւ:
Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները վարժարան վերադառնալով  մասնակից դարձան հալէպահայ նահատակներուն նուիրուած ոգեկոչական հանդիսութեան, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ վարժարանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան, Արցախի նահատակ հերոս՝ հրամանատար Յարութ Բանոյեանի քոյրը, Մխիթարեան Վարժարանի տնօրէնուհի՝ օրդ. Ալին Բանոյեան, վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ տոքթ. Ռաֆֆի Զէյթճեան, Հոգաբարձութեան անդամներ, վարժարանի տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան, վարժարանի ընդհ. տեսուչ օրդ. Մարալ Դերձակեան, մանկապարտիզպանուհի տիկ. Ուաատ Զգոյշեան, ուսուցչական եւ վարչական կազմերը եւ Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան անդամներ։
Սրահը յարդարուած էր լուսանկարներով, որոնք պատրաստած էին աշակերտները առ ի մասնակցութիւն Ծնողաց յանձնախումբին կազմակերպած «Թշնամին մէկ է Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ համար» խորագիրով լուսանկարչական նախաձեռնութեան։
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Սուրիոյ, Հայաստանի, Արցախի եւ Շուշիի քայլերգներով: Ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Արցախի նահատակներուն յիշատակը: 
Բացման խօսք ներկայացուց Ծնողաց յանձնախումբի ատենապետուհի բժշկհ. Թամար Բարսեղեան-Սարգիս: Ան յայտնեց, թէ հալէպահայ նահատակներուն նուիրուած ոգեկոչումի այս հանդիսութիւնը մեզի կը վերադարձնէ 30 տարիներ առաջ՝ Մայիս 1992-ին իրականացած Շուշիի ազատագրումին: «30 տարիներ ետք հայ ժողովուրդը դարձեալ ենթարկուեցաւ Թուրքի ոճրագործ արարքներուն, այս անգամ Արցախի մէջ», աւելցուց ան: Տիկին Թամար կոչ ուղղեց աշակերտներուն նահատակ հերոսներուն նման ըլլալու հայրենասէր, սիրել հայրենիքը իր անբաժան Արցախով եւ լաւապէս տիրապետելու հայոց լեզուին եւ պատմութեան, նոյն կամքով եւ հաւատքով շարունակելու մեր պայքարի երթը։ 
Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ մը, 1992-ին Արցախի ազատագրումին եւ ապա Արցախի գոյապայքարին մասին: Տիկ. Թամար ներկաներուն ընթերցեց հալէպահայ երեք հերոսներուն՝ հրամանատար Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի կենսագրութիւնները, ապա բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս օրդ. Ալին Բանոյեանը, փոխանցելու իր խօսքը:
Օրդ. Ալին աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնեց անմահ հերոս Յարութ Բանոյեանի փոքր տարիքէն հայրենիքի հանդէպ ունեցած սէրն ու կապուածութիւնը եւ անոր անձնական կեանքէն դրուագներ պատմելով յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս ան տարուէ տարի իր մէջ զարգացնելով հայրենասիրութեան ոգին, համեստօրէն հասաւ հրամանատարի կոչումին եւ իր կեանքը նուիրաբերեց հայրենիքին:
Ան հալէպահայ տղոց Արցախի գոյապայքարին բերած մասնակցութեան յատուկ տեսերիզներ ցուցադրելով բացատրութիւններ տուաւ աշակերտներուն, անդրադառնալով հրամանատար Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլեմեանի եւ Յակոբ Ասթարճեանի պարտականութեան գիտակցութեամբ հայրենիքին եւ Արցախին հանդէպ ցուցաբերած նուիրուածութեան: Օրդ. Ալին յայտնեց, թէ հրամանատար Յարութ Բանոյեանին երազն էր նահատակութեամբ արժանի դառնալ Եռաբլուրի մէջ հանգչելու եւ հայրենիքին համար պայքարելով իր երազը իրականացաւ։
Օրդ. Բանոյեան տեսերիզով աշակերտներուն ցոյց տուաւ պատերազմի օրերուն հալէպահայ տղոց մասին Արցախի զինուորականներուն արտայայտած վկայութիւնը։ Ան նշեց, թէ Արցախի մէջ ռազմական կեդրոնը հրամանատար Յարութ Բանոյեանի անունով կոչուեցաւ եւ տեսերիզով ցոյց տուաւ աշակերտներուն կեդրոնի լուսանկարները։
Օրդ. Ալին աշակերտները հրաւիրեց մեր նախնիներուն ուղիով ընթանալու եւ աշխատանքով ու պայքարով հայ ժողովուրդին ապագայի պատմութիւնը կերտելու։
Ծնողաց յանձնախումբի ատենապետուհին շնորհակալութիւն յայտնելով օրդ. Ալինին, անոր նուիրեց աշակերտուհի Ժոզիան Պշարային գծագրած հրամանատար Յարութ Բանոյեանի նկարը։
Աշակերտները ոգեւորուելով յոտնկայս հայրենասիրական երգեր երգեցին, տեսուչ բարշ. Կարօ սրկ. Պալեանի ղեկավարութեամբ, ապա պարոն Կարօն մեներգեց «Տէր Ողորմեա»-ն։
Աւարտին, Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց, յայտնելով, որ սուրիահայութիւնը հայրենիքին տուած է նահատակներ, որոնք իրենց արիւնը թափեցին Արցախի փրկութեան եւ ազատութեան համար։ Ան նշեց, թէ հալէպահայ ընտիր տղոց նահատակութիւնը յիշելով ցաւ կը զգանք, որովհետեւ գանձեր կորսնցուցինք, միեւնոյն ժամանակ պարծանքի եւ հպարտութեան զգացումներով կը յիշենք հայրենիքին համար անոնց կատարած սխրագործութիւնները։
Տէր Խորէն այս առիթով փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հայրական օրհնութիւններն ու գնահատանքը։
Ոգեկոչումը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։
Աշակերտները, հայրենիքին եւ ազգային արժէքներուն տէր կանգնելու գիտակցութեամբ վերանորոգեցին իրենց ուխտը, ուսմամբ եւ աշխատանքով շարունակելու հայ ժողովուրդին միասնական երթը։ 
Թղթակից