Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչման պաշտօնական յայտարարութիւններուն եւ ընկերային ցանցերուն վրայ ընթացող քննարկումներուն մէջ անուղղակի, բայց շատ վտանգաւոր շեշտադրումներ կային, որոնք գիտակցաբար եւ ենթագիտակցաբար հանրութիւնը կը շեղէին ոգեկոչման հիմնական նպատակէն ու խորհուրդէն՝ արդարութեան վերականգնումի պահանջատիրութենէն: Այս շեշտադրումներուն միտք բանին այն է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու լաւագոյն միջոցը հզօր ու ժողովրդավար պետութիւն կառուցելն է:
Օրինակ՝ ՀՀ նախագահը իր ուղերձին մէջ կ’ըսէ. «Մենք գիտակցում ենք, որ մեր նահատակուած հայրենակիցների յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու լաւագոյն ձեւը հզօր եւ ժողովրդավար Հայաստանի կայացումն է, մեր ժողովուրդի բարօր կեանքի, մեր երկրի սահմանների ամրութեան ու անվտանգութեան ապահովումն է, Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան ամրապնդումն է»:
ՀՀ վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնողը իր ուղերձին մէջ ոչ միայն կը ձախողի արդարացնել այս օրերուն ընթացող հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հիմնական մղիչ ուժն ու տրամաբանութիւնը, այլեւ իր խօսքի վերջաւորութեան հետեւեալը կ’ըսէ. «Հայոց պետականութիւնը Մեծ Եղեռնի զոհերի, մեր բոլոր նահատակների յիշատակը յարգելու ամենատպաւորիչ միջոցն է եւ պիտի դառնայ հայ ժողովրդի ապրելու անկոտրում կամքի խորհրդանիշ եւ երաշխաւոր:
Հենց մեր այս կամքն է խորհրդանշում Ապրիլքսանչորսեան ժողովրդական երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, որը Ազատ, Հզօր, Երջանիկ Հայաստանի խոստում է մեր նախնիներին եւ մեր սերունդներին: Այդ խոստումը պիտի կատարուի, այդ ուխտը պիտի ի կատար ածուի:
Սրանում է Ապրիլի 24-ի ամենամեծ խորհուրդը»:
Աւելին՝ այս օրերուն իշխանութիւններուն արբանեակը (ուրիշ բառ չօգտագործելու համար) դարձած «քլասիք» քաղաքական գործիչ Էտմոն Մարուքեանի համոզմամբ՝ Ապրիլ 24-ի խորհուրդը «ուժեղ պետութեան կառուցումն է»:
Ոչ ոք կրնայ առարկել վերոնշեալներուն իրաւացիութեան ու վաւերականութեան: Խելամիտ ու ազգասէր ո՞ր հայը չ’ուզէր, որ հզօր, ինքնիշխան ու ժողովրդավար պետութիւն մը կառուցուի:
Ո՞վ չի հաւատար, որ հզօր պետութիւնը շատ աւելի ազդու ձեւով կրնայ պահանջել եւ պաշտպանել իր իրաւունքները: Վստահաբար, ինքնիշխան, ազատ ու բարեկեցիկ Հայաստանը կրնայ շատ աւելի լաւ յարգել յիշատակը իր զոհերուն: Այս ամէնը անկասկած ճիշդ են:
Շան գլուխը ուրիշ տեղ է թաղուած, բայց… Երկու բարձրաստիճան ղեկավարներուն խօսքերուն մէջ գործածուած «լաւագոյն ձեւ»-ը եւ «ամենատպաւորիչ միջոց»-ը լուրջ վտանգներ կը պարունակեն, ազգային ռազմավարութեան տեսակէտէ ահաւոր կործանարար են եւ պահանջատիրութեան սլաքները բոլորովին այլ տեղ կ’ուղղեն: Անոնց խօսքերուն մէջ ակնարկ չկայ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման անհրաժեշտութեան եւ անխուսափելիութեան մասին:
Ո՛չ, նախագահն ու վարչապետը չարաչար կը սխալին իրենց «լաւագոյն ձեւ»-ի եւ «ամենատպաւորիչ միջոց»-ի դեղատոմսին մէջ ու դիտաւորեալ հանրութիւնը կը շեղեն պայքարի եւ պահանջատիրութեան բնածին ու արդար տրամադրութենէն:
Այսպէս՝ «մեր նահատակուած հայրենակիցների յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու լաւագոյն ձեւը» ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄՆ Է, աննահանջ պայքարն է՝ խլուած իրաւունքներուն վերատիրանալու, համապատասխան հատուցման արժանանալը, նոր ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելը:
Աւելին՝ «մեր բոլոր նահատակների յիշատակը յարգելու ամենատպաւորիչ միջոցը» Թուրքիան իր անցեալի ու ներկայի պետական յանցագործութիւններուն համար պատասխանատուութեան ենթարկելն ու միջազգային օրէնքի համաձայն հատուցումներու եւ անցումային արդարութեան ձեռնարկելն է: Միայն արդարութեան վերականգնումով մենք իսկապէ՛ս կը յարգենք բազմահազար նահատակներուն եւ Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդներուն յիշատակը:
Մի՛ շեղէք հայոց պահանջատիրութեան սլաքները: Ոճրագործը ձգած, ընդհակառակը՝ մինչ օրս քեզ ոչնչացնել ուզող ոճրագործին հետ սիրաբանութեան ելած ու յանկարծ ի սկզբանէ ձախողութեան դատապարտուած բանակցութիւնները չվտանգելու սիրոյն հանրութեան ուշադրութիւնը մի՛ շեղէք եւ ձեր նետերը հայ հանրութեան վրայ մի՛ արձակէք: Քիչ մնաց՝ ձեր ելոյթներուն մէջ հայութիւնը մեղադրէք, որ Ցեղասպանութեան լեղին խմեց… Ի՞նչ, եթէ Ցեղասպանութիւն պատահած չըլլար, հզօր ու ժողովրդավար պետութիւն կառուցելը առաջնային նպատակ պիտի չըլլա՞ր:
Ձեր ազգադաւ ու ստրկամիտ տրամադրութիւններն ու նպատակները կեանքի կոչելու համար հանրութիւնը մի՛ շեղէք իր իրագործելիք հիմնական նպատակէն՝ արդարութեան վերականգնումի պայքարէն: Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը ներքին սպառումի համար չէ, այլ ուխտի ու պահանջատիրութեան վերանորոգման օր:
Ինչպէս կ’ըսէ Պերճ Զէյթունցեան, «Եթէ այս (բարեկեցիկ երկիր կառուցելու) գիտակցութիւնը գերիշխի մեզանում, դառնայ միասնական կամք, մենք մեր վրէժը լուծած կը լինենք գոնէ մասամբ…»։ Այո՛, հզօր ու բարեկեցիկ պետութիւն կառուցելը «գոնէ մասամբ» կը մեղմացնէ հանրութեան հաւաքական ցաւն ու տագնապը, բայց այդ հաւաքական ցաւը ամբողջութեամբ կը բուժուի, տագնապը կը վերանայ, եւ բոլոր նահատակներուն ու վերապրողներուն յիշատակը արժանիօրէն կը յարգուի միայն ու միայն Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումով եւ արդարութեան վերականգնումով:
«Դրօշակ» թիւ 5,(1666), 2022թ.
Գէորգ Յակոբճեան