2019-ի ամրան Յորդանանի մէջ AWT-ի (Arab woman today) կազմակերպած համագումարի մը ընթացքին ծանօթացայ պաղեստինեան եւ յորդանանեան երկքաղաքացիութիւն ունեցող կնոջ մը։ Գանգրահեր եւ բարձրահասակ էր, ժպտադէմ ու ծանրաբարոյ։ Օփերայի երգիչի հիասքանչ  ձայն  ունէր ան, այնքան ազդեցիկ,  որ անմիջապէս ունկնդրողին ուշադրութիւնը կը գրաւէր: Յատկապէս խմբային երգեցողութեան պահուն տիրողը, ուշագրաւը իր ձայնն էր։
Համագումարի նիստերէն մէկուն ընթացքին ճիշդ կողքս գտնուող աթոռին նստաւ, ուստի առիթ ունեցայ հետը զրուցելու: Երբ նկատեց  հայ ըլլալս, արաբերէնով մեղմօրէն ըսաւ. «Իմ մեծ մայրն ալ հայ է»։ Զարմանքով, միաժամանակ ուրախութեամբ մեքենաբար հարց տուի. «Հայերէն գիտե՞ս»: Ան ափսոսանքով գլուխը աջ ու ձախ երերցուց ու «ո՛չ» ըսաւ:
Բնականաբար տրտմեցայ, որովհետեւ հայուհիի մը թոռնիկը իր ինքնութիւնը չէր կրցած պահել: Միթէ՞ չէր անդրադարձած անոր կարեւորութեան: Զգացումներս հանգիստ չձգեցին զիս, ուզեցի բան մը տալ, յուշել, միտք մը սրսկել իր մտային աշխարհին մէջ, ազդեցութիւն մը, յիշատակ մը թողուլ մեր հանդիպումէն:
-Ի՞նչ է անունդ,- հարցուցի:
-Ղատա,- պատասխանեց։
Նօթատետրը  առի, անունը գրեցի հայերէն տառադարձութեամբ՝  «Ղատա»,  ու կրկին իրեն յանձնեցի: Հիացմունքն ու շնորհակալութիւնը յայտնելէ ետք, պահ մը անջատուեցաւ իր ժողովական միջավայրէն, խորասուզուեցաւ այդ չորս տառերուն մէջ ու աչքերը յարած մեր ոսկեղնիկին դիտեց հայատառ անունը: Ապա առաւ գրիչը եւ առանց տատամսելու սկսաւ ընդօրինակել հանդարտօրէն։ Կարծէք կորսուած արմատին կը վերամիանար իր գրիչով ու չէր ուզեր աւարտին հասցնել այդ չորստառեայ անունը:
Ղատան դաշնակահար էր: Ունէր գեղեցիկ մատներ, ան նաեւ նկարչութեամբ կը զբաղէր: Նկատեցի, որ  գրիչը վրձինի պէս բռնած տառերը կը գծէր, այնքան գեղեցկօրէն եւ զգուշութեամբ, որ կարծէք իր էութենէն 4 կաթիլ կը կաթեցնէր անունին մէջ։ Երբ աւարտեց, գոհունակութեան նշոյլները տարածուեցան իր անմեղունակ դէմքին վրայ։
Ես ալ գոհ էի, որովհետեւ զինք իր ինքնութեան առնչելու փոքր, բայց ազդեցիկ բանալի մը գտած էի, հաւատալով որ այս բանալին իրեն դիմաց պիտի բանայ լայն դուռ մը գիրերու, գրականութեան ու մշակոյթի:
Կասկած չունիմ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը  նմանօրինակ վիճակներու մէջ բանալի մը պիտի որոնէ ու փորձ մը կատարէ՝ հայանալու հրաւէր մը տալով իր արմատներէն պայմաններու բերումով հեռացած հայու մը:
Նայիրի Ատուրեան-Ֆրանքեան