ՀՀ արտաքին գործոց մամուլի քարտուղար Վահան Հունանեան՝ մեկնաբանելով Ատրպէյճանի նախագահին՝ սահմանազատման և սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի աշխատանքներու մասին յայտարարութիւնը ըսած է, որ հայկական կողմը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կեանքի կոչման։ «Ըստ այդմ, հայկական կողմը որեւէ հանդիպում չէ չեղարկած եւ չէ մերժալ:

Երկու երկիրներու ղեկավարներուն՝ Սոչիի եւ Պրիւքսէլի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ հայկական կողմը կը շարունակէ պատրաստակամ ըլլալ յանձնաժողովներու աշխատանքներուն սկիզբը տալու համար», յայտնած է Հունանեան։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ Հայաստանը երկու անգամ հրաժարած է սահմաններու սահմանազատման առնչուած հանդիպումներէն։ «Ատրպէյճանը ժամանակին ստեղծեց աշխատանքային խումբ եւ պատրաստ էր պատուիրակութիւն ուղարկել։

Համաձայնութեան եկած են հայկական կողմին հետ։ Ի դէպ, Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը առաջարկած է սահմանի հետ կապուած առաջին հանդիպումը կատարել։ Ատրպէյճան ընդունեց այս առաջարկը, եւ մենք պատրաստ էինք պատուիրակութիւն ուղարկել։

Սակայն վերջին օրը՝ 29 Ապրիլին, Հայաստանը չեղեալ յայտարարեց արդէն համաձայնուած հանդիպումը։ Շատ հիասթափեցնող էր։

Աւելի հիասթափեցնողը, դարձեալ Հայաստանի նախնական առաջարկին հիման վրայ, Հայաստանի մերժումն էր 7_11 Մայիսին սահմանին նոր հանդիպում կատաևելէ», Լիթվիոյ նախագահի հետ բանակցութիւններէն վերջ ըսած է Ալիեւը։