2021-2022 տարեշրջանի աւարտին, Քուէթաբնակ հալէպահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեան նախորդ տարիներուն նման «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պիտի պարգեւատրէ պաքալորիայի պետական լրացուցիչ քննութիւններուն Հալէպահայ վարժարաններու առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովող հայ աշակերտները:
 
Կիրակոս Գույումճեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հետ, քննութիւններու նախօրեակին յաջողութիւն կը մաղթէ Հալէպահայ վարժարաններու 12-րդ կարգի հայ ուսանողներուն, ցանկալով, որ անոնք աշխատասիրութեամբ եւ մրցակցութեան առողջ ոգիով ուսման ոլորտէն ներս գիտական բարձր մակարդակներ նուաճեն։