Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ու Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Եւա Քոփաչ քննարկեցին շրջանային անվտանգութեան խնդիրներ: Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի դիրքորոշումը` շրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման վերաբերող քայլերուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման նկատմամբ:
 
Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց 44-օրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներու լուծման կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս` Ատրպէյճանի կողմէ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձի, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
 
Հանդիպումի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց նաեւ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման հոլովոյթին վերջին զարգացումները:
 
Նախարարը Պրիւքսէլ կը գտնուի` մասնակցելու Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորհուրդի 4-րդ նիստին: