Այսօր, 20 Մայիսին, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան դիմատետրի ուղիղ եթերով յայտնեց, որ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ «Դիմադրութիւն» շարժումի հանրահաւաքը անբարենպաստ եղանակի պատճառով տեղի պիտի չունենայ։
 
Ան ըսաւ, որ այն խնդիրները, որ դրած էինք մեր առջեւ կարելի է կատարուած համարել։
 
Ան փաստեց, որ այսօր ՀՀ արժանապատիւ քաղաքացին յստակօրէն փոխանցեց այն ուղերձը, որ վարչապետի աթոռը ստանձնող անձը չունի հովանաւոր հայ ժողովուրդի անունով բանակցութիւններ վարելու եւ հայ ժողովուրդը որեւէ միջազգային հարթակին վրայ ներկայացնելու։
 
Ան նաեւ ըսաւ, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա խստօրէն անհանգստացած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներով եւ կը փորձեն փութացնել հակահայ փաստաթուղթի ստորագրման ընթացքը։
 
22 Մայիսին Նիկոլ Փաշինեան պիտի մեկնի Պրիւքսէլ՝ հանդիպելու Եւրոմիութեան Խորհուրդի նախագահ Ժան Միշէլի հետ։ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ՝ վաղը՝ 21 Մայիսին, Երեւանի ժամով ժամը 18։00_ին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հանրահաւաք տեղի պիտի ունենայ, ուր բոլորին մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է։
 
«Մասնակցելով վաղուան հանրահաւաքին դուք «ո՛չ» կ’ըսէք այս յանձնողականութեան, կ’ըսէք «ո՛չ» երկիրը նոր զիջումներու տանելուն, եւ վաղուան մասնակցութեամբ յստակօրէն ուղերձ կը յղէք ամբողջ աշխարհին, որ այս մարդը, որ ժողովուրդը մոլորեցնելով յայտնուած է իշխանութեան ղեկին՝ այլեւս չունի որեւէ հովանաւոր ժողովուրդի անունով խօսելու, ՀՀ-ն ներկայացնելու»,յայտարարեց ան։
 
Վաղուան հանրահաւաքին նաեւ մանրամասն պիտի ներկայացուի հայեցակարգային մօտեցումները Արցախեանի կարգաւորման եւ ստեղծուած իրավիճակէն երկիրը դուրս բերելու մասին։
 
Այսօր երեկոյեան հանրահաւաք պիտի չըլլայ, ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան, նկատի ունենալով վաղուան ծաւալուն աշխատանքները, նաեւ այսօր ամբողջ օրուան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ եղանակային պայմանները, քանի որ քաղաքացիներուն առողջութիւնը շատ կարեւոր է։