Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իր աւելի քան եռամեայ դիւանագիտական ծառայութենէն ետք դեսպան Լին Թրէյսին դարձեալ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն ստացած է «ԷՖ» (Ֆէյլըր/Ձախողութիւն) գնահատականը: Առաջին անգամ Դեկտեմբեր 2020-ին Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը դիմած էր Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան` խնդրելով վերատեսութեան ենթարկել դեսպանի դիւանագիտական գնահատականը` հաշուի առնելով 15 ոլորտներու մէջ անոր ձախողութիւնները:
 
Անցնող գրեթէ մէկուկէս տարիներուն ընթացքին Թրէյսին նոյնպէս, ի շարս այլ հարցերու, ձախողած է հայ ժողովուրդին համար խիստ կարեւորութիւն ունեցող այնպիսի բնագաւառներու մէջ, ինչպիսիք են արցախցի տեղահանուած անձերու համար ամերիկեան օժանդակութեան բացակայութիւնը, հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ նախասիրած ուժեր ունենալը, Հայաստանի անվտանգութեան եւ շրջանային յարաբերութիւններու շարունակական բարդացումը, հայ պատերազմական գերիներու անօրինական կալանաւորումներուն, բռնութիւններուն ու սպանութիւններուն պատշաճ չանդրադառնալը:
 
Այս առիթով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան նշած է. «Ինչպէս նախապէս ըսած եմ` Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ուզէ, որ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու իւրաքանչիւր դեսպան ըլլայ յաջողակ: Ցաւօք, դեսպան Թրէյսին իր լռութեան աւելցուցած է 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին աւելի քան 90.000 տեղահանուած արցախահայերուն եւ Հայաստանի գերիշխան տարածքին մէջ ազրպէյճանական շարունակական ոտնձգութիւններուն նկատմամբ անխոհեմ արհամարհանքը: Հայաստանի մէջ դեսպանի պաշտօնին մէջ իր պաշտօնավարման երեք տարին ամբողջացնելէ ետք դեսպան Թրէյսի կը շարունակէ ձախողիլ հարց առ հարց` շատ հեռու ըլլալով Հայաստանի մէջ ամերիկեան յանձնառու դեսպանի հիմնական մասնագիտական որակներէն»:
 
Իբրեւ կանոն` Միացեալ Նահանգներ դիւանագիտական ծառայութեան աշխատակիցները երեք տարին անգամ մը փոփոխութեան կ՛ենթարկեն, վերջիններս կը ստանան դիւանագիտական նոր յանձնարարութիւն: Որովհետեւ Հայաստանի մէջ գործող դեսպանի երեք տարին արդէն ամբողջացուցած է, Հայ դատի յանձնախումբը նախագահ Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղէ` ամուր հիմերու վրայ վերականգնելու Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւնները` առաջադրելով նոր դեսպան: Յանձնախումբը սերտօրէն պիտի աշխատի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին հետ` երաշխաւորելու համար, որ յաջորդ դեսպանը անյապաղ հաստատուի եւ իրապէս արտացոլացնէ ամերիկեան արժէքները:
 
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
19 Մայիս 2022