Եկո՜ւր, եկո՜ւր, ճամբաներէն անուրջիս,
Սրտիս ջահերն այրեցի քեզ ի հանդէս,
Վերջին անցորդ տառապանքի կամուրջէս,
Երգի մը պէս, քրոջ մը պէս, մօր մը պէս
Եկո՜ւր, եկո՜ւր ճամբաներէն անուրջիս…
Եկո՜ւր, ես քուկդ եմ, քեզ արքա՛յ ու գերի,
Ես, մեղապարտ անօթը սուրբ համբոյրիդ…
Հեւքս աղօթքի պէս դէմքիդ շուրջ կ’դեգերի,
Պաշտամունքիդ ես խնկանօթ միամիտ։
Եկո՜ւր, ես քուկդ եմ, քեզ արքայ ու գերի…
Քու տաճարիդ ես քուրմ երգիչն եմ դողդոջ.
Ու դուն մարմինն ես անմարմին երգերուս,
Խենթեցընող յաւերժահարսը բողբոջ,
Ցող մահացնող սրտի հազար վէրքերուս.
Սուրբ տաճարիդ ես քուրմ երգիչն եմ դողդոջ…
Ռուբէն Սեւակ