«Դիմադրութիւն» շարժումը 20 Մայիսի առաւօտեան Ֆրանսայի հրապարակին վրայ երթ սկսաւ նախագահական նստավայր, ուր տեղի պիտի ունենար ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ Հայաստան պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած Լիթվիոյ նախագահ Գիտանաս Նաուսետանի հանդիպումը։
 
ՀՅԴ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ Բաղրամեան 26 պիտի ժամանէ Հայաստանի մէջ գտնուող Լիթվիոյ նախագահը, եւ հոն պիտի արտայայտեն իրենց քաղաքական պահանջները, պիտի բացայայտեն այս իշխանութեան սուտերը․ «Մեր նպատակն է ցոյց տալ, որ Նիկոլը չունի որեւէ հովանաւոր՝ բանակցելու Հայաստանի եւ Արցախի հարցով, և եւրոպական երկիրները աչքերը փակ պահած են այս բռնատիրական դրսեւորումներուն դէմ, որ կայ Հայաստանի մէջ»։
 
Երթի մասնակիցներու ձեռքին կային հայերէն եւ անգլերէն գրութիւններով պաստառներ, քաղաքական բանտարկեալներու նկարներ։
 
«Նիկոլ դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Ամօթ, ամօթ» վանկարկումներով Լիթվիոյ նախագահի շարասիւնը մտաւ Բաղրամեան 26՝ նախագահական նստավայր, ուր հավաքուած էին մեծ թիւով ոստիկաններ։ Ցոյցի մասնակիցներուն առջեւ անոնք քանի մը շարք պատ կազմեցին։
 
Նախագահական նստավայրէն երթը ուղղուեցաւ Հանրապետութեան հրապարակ՝ «Մարիոթ» հիւրանոց, ուր տեղի պիտի ունենար քննարկում՝ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրեյսիի ու Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցությամբ։
 
Հիւրանոցի մօտ ՀՅԴ անդամ Սեւակ Նազարեան յայտարարեց․ «Եկած ենք յստակ ուղերձով՝ այն մարդը, որ կ’աջակցի Նիկոլ Փաշինեանին, ընելիք չունի Հայաստանի մէջ։ Եկած ենք Նիկոլ Փաշինեանին ըսելու, որ դուն Հայաստանի մէջ իշխանութիւն չունիս»։
 
Ապա սկսաւ «Իրազեկ Քաղաքացիներու Միաւորում» ՀԿ-ի եւ Freedom House կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ «Ժողովրդավարութեան հայկական ֆորում» նախաձեռնութիւնը:
 
Ոստիկանները շղթայ կազմեցին հիւրանոցին դիմաց: ժամանեց Նիկոլ Փաշինեան։ Ոստիկանական բազմաթիւ ուժերով ու թիկնապահներով շրջապատուած, «Նիկո՛լ, դավւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Արցախը պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ» վանկարկումներով ան մուտք գործեց «Մարիոթ» հիւրանոց։
 
Քանի մը ընդդիմադիր պատգամաւորներ մտան հիւրանոց, փորձեցին մուտք գործել նախաձեռնութեան սրահը։ ՀՅԴ անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Թադէոս Աւետիսեան դիմեց ՊՊԾ աշխատակիցներուն․ «Ձեզմէ կը խնդրեմ, ինծի թոյլ տաք իմ նամակս ներկայացնել ե՛ւ միջազգային ներկայացուցիչներուն, ե՛ւ տեղւոյն իշխանութիւններուն, իմ ընկեր քաղաքական բանտարկեալ Գոռ Սարգսեանի նկարը փոխանցել անոնց»։ Սակայն անվտանգութեան աշխատակիցները թոյլ չտուին՝ պատճառաբանելով, որ անոնց անունները կը բացակային ցուցակներէն։
 
Պատգամաւորներու եւ անվտանգութեան աշխատակիցներուն միջեւ լարուածութիւն յառաջացաւ։
 
«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Մամիճանեան Մարիոթ հիւրանոցէն դուրս գալէն վերջ ըսաւ, որ ԱԺ պատգամաւորները չեն բանակցիր որեւէ տեղ մտնել-չմտնելու համար, ԱԺ պատգամաւորները կինան մտնել եւ յայտնել ժողովուրդի հովանաւորութեամբ տրուած իրենց մօտեցումները։ Այսուհետեւ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր խմբաւորումը փակ դռներու ետեւէն պիտի շարունակէ իր խղճուկ պաշտօնավարումը, մինչեւ որ վերջանականապէս ժողովուրդին յաղթանակը արձանագրուի։
 
Նշենք, որ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանաջով բողոքի ցոյցը լուսաբանող լրագրողներուն եւս թոյլ չեն տուած ներս մտնելու եւ մասնակցելու Freedom House միջազգային կազմակերպութեան կողմէն կազմակերպուած «Հայկական ժողովրդավարութիւնը» նիւթով ֆորումին։
 
«Մարիոթ» հիւրանոցի մօտ ցոյցը վերջացաւ․ «Դիմադրութեան» շարժումի մասնակիցները երթով ուղղուեցան դէպի Մաշտոցի պողոտայ եւ փակեցին Ամիրեան-Մաշտոց փողոցներու խաչմերուկը:
 
Երթին մասնակիցները նստան փողոցը, երգեցին հայրենասիրական երգեր:
 
Ոստիկանութեան ներկայացուցիչը կոչ ուղղեց ողջմիտ ժամկէտով ազատել խաչմերուկը:
 
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ երբ կ’ուզենք, այդ ատեն կ’ազատենք փողոցը:
 
Հակառակ անձերեւին «Դիմադրութիւն» շարժումի մասնակիցները Երեւանի ժամով ժամը 16։30 Ֆրանսայի հրապարակէն երթով ուղղուեցան դէպի Մատենադարան, ուր այցելած էր Հայաստանի մէջ գտնուող Լիթվիոյ նախագահը։
 
Անոնց ձեռքին պաստառներ կային՝ քաղաքական բանտարկեալներու, բռնութիւններ կիրառած ոստիկաններուն ու ԱԺ ՔՊ ական շարք մը պատգամաւորներու նկարներով։
 
Ոստիկանները Մատենադարանէն ներս պատ կազմած էին, թոյլ չէին տուած, որպէսզի երթի մասնակիցները յառաջանան, բարձրաձայնելու իրենց բողոքի ձայնը։
Նշենք, որ Նիկոլ Փաշինեանի շարասիւնը Մատենադարան այցելած է «Նիկոլ մարդասպան», «թուրք» վանկարկումներով: