Կիրակի, 22 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ անվտանգութեան գօտի հիմնելու թրքական իշխանութիւններուն յայտարարութիւնները կը յայտնաբերեն թրքական թշնամական ծրագիրները Սուրիոյ նկատմամբ։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ նման ծրագիր երբեք չի նպաստեր սուրիական-թրքական սահմանային շրջանի պաշտպանութեան, այլ կը դիւրացնէ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ ահաբեկչական եւ դաւադրական ծրագիրներու կեանքի կոչումը։
 
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւնը եզրափակեց ըսելով. «Սուրիան կոչ կ՚ուղղէ միջազգային ընկերութեան, Էրտողանի որոշումներուն անմիջապէս դէմ դմելու եւ թոյլ չտալու այլ երկիրներու ենթակայ տարածքներու մէջ ահաբեկչական ծրագիրներ մշակելու։ Սուրիա ձախողութեան պիտի մատնէ թրքական, թշնամական այս ծրագիրը, պաշտպանելով Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդը»։