Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան Ֆրանսայի հրապարակին վրայ 22 Մայիսի հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարեց, որ պատերազմէն ետք ամիսներ շարունակ կը խօսուի Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու մասին: Ատրպէյճան ներկայացուցած է իր 5 առաջարկները, իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ըսած է, որ այդ կէտերը ընդունելի են եւ ներկայացուցած է 6 առաջարկներ․ այդ առաջարկները ոչինչ ըսող, դիւանագիտօրէն սխալ ձեւակերպուած եւ մեր ժողովուրդին շահերը չարտայայտող առաջարկներ են, զորս ամբողջութեամբ կը մերժենք։
Իշխան Սաղաթէլեանի համաձայն, այս օրերուն ուղղուող գլխաւոր հարցերէն մէկը հետեւեալն է․ եթէ այս իշխանութիւնները հեռանան՝ ի՞նչ պէտք է կատարուի, յաջորդ իշխանութիւնը ի՞նչ քայլեր եւ գործողութիւններ պէտք է ձեռնարկէ, որպէսզի յառաջանայ իրական, արժանապատիւ խաղաղութիւն։
Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց «ընդդիմութեան» շարժումի պատկերացումները լիիրաւ եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու համար։
«Ճիշդ ձեւակերպելու, պատշաճ ներկայանալու պարագային, հայկական կողմը բանակցային գործընթացին սկիզբին կրնայ մօտենալ աւելի հիմնաւոր, միջազգային հանրութեան համար ընկալելի, միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն անխոցելի դիրքերէ։ Հետեւաբար, իշխանութիւններու այն բոլոր հիմնաւորումները, թէ ինչ որ կ’ընեն՝ առաւելագոյնն է, սուտ է, հակահայկական է եւ դաւաճանական։ Մեր ճշմարիտ արժանապատուութիւնը պահելու մօտեցումները հետեւեալներն են», յայտարարեց ան եւ հրապարակեց Խաղաղութեան Օրակարգի Դիմադրութեան պատկերացումը։
«44-օրեայ պատերազմէն վերջ ստեղծուած իրավիճակին մէջ, մարտավարական առումով Հայաստանին անհրաժեշտ է․
– Զերծ մնալ շտապողական, վտանգաւոր եւ ճակատագրական կտրուկ քայլերէ մինչեւ աշխարհաքաղաքական տագնապալի իրավիճակի յարաբերական կայունացումը եւ յստակեցումը
– Ձեւաւորել անվտանգային այնպիսի մթնոլորտ, որ կանխատեսելի եւ ընկալելի պիտի ըլլայ ռազմավարական դաշնակիցին եւ տարածաշրջանային ու միջազգային այլ կարեւոր գործընկերներուն համար՝ նոր աշխարհակարգի ստեղծումի պայմաններով անվտանգային արդիւնաւէտ եւ հայանպաստ ձեւաչափեր ապահովելու նպատակով
– Զինուորական, ռազմաարդիւնաբերական, ճարտարագիտական, տնտեսական եւ ենթակառուցուածքային բոլոր ուղղութիւններով անյապաղօրէն մշակել եւ կեանքի կոչել հեռանկարային եւ ռազմավարական հայեցակարգ
– Համախմբել համայն հայութեան ողջ ներուժը՝ Սփիւռքը պէտք է դառնայ մասնակից եւ պատասխանատու համահայկական օրակարգի հարցերու կենսագործման համար։
Մենք համոզուած ենք, որ իրական խաղաղութեան, հաշտեցման եւ համագոյակցութեան ապահովումին պէտք է անպայմանօրէն նախորդեն չլուծուած հարցերուն առնչուող փոխհամաձայնութիւնները։ Ուստի, Հայաստան պէտք է առաջարկէ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու օրակարգը բաժնել երկու փուլի.
1. Յարաբերութիւններու կարգաւորման սկզբունքներու յստակացում եւ համաձայնեցում
2. Բուն խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններ եւ պայմանագիրի կնքում։
 
Միջազգային վաւերականութիւն ունեցող միակ ձեւաչափի արկածախնդրական փոփոխութիւնը անթոյլատրելի է եւ յղի Հայաստանի անվտանգութեան ուղղակիօրէն սպառնացող վտանգներով:
 
– Կողմերու հաւատարմութիւնը միջազգային հիմնարար սկզբունքներուն՝ տարածքային ամբողջականութեան, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին եւ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառման բացառումին հանդէպ։
– Մինչեւ հաւանական խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը առաջնային կերպով պէտք է հասցէագրուին Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու բռնագրաւման եւ ինքորոշման իրաւունքի հիման վրայ Արցախի Հանրապետութեան վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշման հարցերը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ։
 
Հայաստանի Հանրապետութեան համար ուղենշային պէտք է ըլլայ Գերագոյն խորհուրդի 8 Յունիս 1992-ին՝ Արցախի որեւէ կարգավիճակ Ատրպէյճանի կազմին մէջ բացառող որոշումը։
– Ուժի կիրառմամբ կամ սպառնալիքի օգտագործմամբ սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացը միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է։ Նախքան սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը, Ատրպէյճան պէտք է դուրս բերէ իր զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։
–Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման եւ հետագային սահմանազատման գործընթացները պէտք է մաս կազմեն հակամարտութեան համապարփակ խաղաղ կարգաւորման գործընթացին՝ բացառելով առանց Հայաստանի հետ յուսալի կապի Արցախի անկլաւային (միջերկրային-«Գ.») վիճակը։
– Որպէս բանակցութիւններու մեկնարկ եւ լարուածութեան մթնոլորտի թուլացում Ատրպէյճան պէտք է վերադարձնէ բոլոր ռազմագերիները, պատանդները եւ ապօրինի պահուող այլ անձերը։
Մենք վստահ ենք, որ այս իրատեսական մօտեցումը աջակցութիւն կը ստանայ միջազգային իրաւունքի դիրքերէն հանդէս եկող եւ Հարաւային Կովկասին մէջ կայունութեամբ եւ խաղաղութեամբ իրապէս շահագրգրուած մեր միջազգային գործընկերներուն կողմէն։ Միեւնոյն ատեն, մենք յստակ ուղերձ կը յղենք ողջ միջազգային հանրութեան, որ որեւէ պարագային թոյլ պիտի չտանք հայ ժողովուրդի ազգային պետական շահերը զոհաբերելու աշխարհաքաղաքական հաւակնութիւններու սպասարկման եւ Հայաստանի ներքին գործերուն անտեղի միջամտութեան»։